Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Տարկէտում» Օրէնքի Շուրջ Կլոր Սեղան-Քննարկում Իշխանութեան եւ Ուսանողներու Միջեւ

«Տարկէտում» Օրէնքի Շուրջ Կլոր Սեղան-Քննարկում Իշխանութեան եւ Ուսանողներու Միջեւ

by MassisPost

Ազգային ժողովէն ներս, կառավարութեան եւ խորհրդարանի հինգ ներկայացուցիչներու հետ, աւելի քան չորս ժամ տեւած քննարկում-բանավէճէն ետք, «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան համակարգող Դաւիթ Պետրոսեան յայտարարած է, որ «տարկէտում լինելու է» սկզբունքը արդէն իրականութիւն կը դառնայ, խնդիրը այն է, թէ տարկէտման քանի տեղ եւ ինչ սկզբունքով կը տրամադրուի:

«Մենք ունենք երկու խնդիր, առաջինը՝ տարկէտման տեղերի պահպանումն էր, որը պէտք է ապահովէր կրթութեան անընդհատութեան սկզբունքը, ինչի հետ կապուած կայ արդէն համաձայնութիւն, մնում է պարզեցուեն չափանիշները, յայտանիշները։ Այսինքն՝ «տարկէտում լինելու է» մեր սկզբունքը, որը դրուած էր նախաձեռնութեան հիմքում, այդ սկզբունքն արդէն դառնում է իրականութիւն։ Այստեղ խնդիրն արդէն կայանում է նրանում՝ որքան տեղ, ինչ չափանիշներ, յայտանիշներ կորոշուեն»։

Հարցին, թէ ուրկէ՞ այդ համոզումը, որ «տարկէտում լինելուն է» սկզբունքը իրականութիւն կը դառնայ, Դաւիթ Պետրոսեան պատասխանած է. – «Օրէնքը, որ ընդունուել է, կան շատ կէտեր, որոնք դեռ պէտք է յստակեցուեն, այս յստակեցումն իրենից ենթադրելու է արդէն, որ տարկէտման տեղերը ոչ թէ վերացուելու են, այլ տարկէտման տեղերի ուղղակի կարգը պէտք է փոխուի՝ քանակը եւ ում է տրւում եւ ինչպէս»։

Նշենք, որ երէկուան քննարկման ժամանակ «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամները հանդէս եկած են երկու առաջարկով, առաջինը այն , որ կառավարութիւնը պէտք է տարկէտման իրաւունքի տրամադրման այնպիսի ճկուն քաղաքականութիւն մշակէ, որ հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողներուն՝ տարկէտման իրաւունք ստանալով, ապահովել ուսումնառութեան անընդհատութիւնը, ապահովել գիտութեան եւ կրթութեան զարգացումը եւ բացառել կաշառակերութեան երեւոյթները:

Բացի այդ, նախաձեռնութեան անդամները առաջարկած են «Պատիւ ունիմ» եւ « Ես եմ» ծրագիրերուն զուգահեռ ծառայութեան նոր տեսակ մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ համալսարանական ուսումնառութեան չորս տարիներու ընթացքին, ընդհատումներով ծառայել մէկուկէս տարի, իսկ միւս կէս տարին ծառայել մագիստրատուրայի ընթացքին։

Քննարկման մասնակցող ուսանողներէն Դաւիթ Պետրոսեանի պնդմամբ, ծառայութեան այս տեսակը կ’ապահովէ երկու կարեւոր սկզբունք՝ կրթութեան անընդհատութեան, ինչպէս նաեւ «բանակի մէջ պէտք է ծառայեն բոլորը» սկզբունքի իրականացում:

Պետրոսեան նաեւ ըսած է, որ պիտի  ըլլան սկզբունքային եւ մինչեւ վերջ պիտի պնդեն, որ երկու առաջարկն ալ կառավարութեան որոշումներով եւ ենթաօրէնսդրական գործերով իրականութիւն դառնան։

Հակառակ անոր, որ նախաձեռնութեան այս առաջարկը դեռ պէտք է քննարկուի, սակայն բանավէճի ընթացքին պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեան ուսանողներու այս առաջարկը մտահոգիչ համարելով ըսած է՝ զինուորական ծառայութեան նոր տեսակ կ’առաջարկուի, որ առկայ է միայն անվտանգութեան առումով խնդիրներ չունեցող Զուիցերիոյ մէջ:

«Այսինքն՝ անհատական կրաֆիքով ծառայութիւն անցկացնել եւ զուգահեռ նաեւ այս գործերով զբաղուել, այդ նոյն կերպ գիւղատնտեսը կարող է ասել՝ «ես ի՞նչ պակաս գործ եմ անում, որ, ես էլ ֆերմերային տնտեսութիւն եմ զարգացնում, ձմեռը մի քիչ ժամանակ ունեմ, եկէք գամ ձմեռը ես ձեզ համար ծառայեմ»։ Այսինքն՝ մենք ընդհանուր սկզբունքը կը փոխենք եւ դրանով շատ մեծ վտանգի տակ կը դնենք շատուշատ կարեւոր խնդիրներ», – ըսած է Զաքարեան։

Չորս ժամ տեւած քննարկման աւարտին կլոր սեղանը վարող Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող հանրապետականի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը ըսած է՝ երջանիկ է, քանի որ նախատեսած էին առարկայական, կառուցողական քննարկում՝ առանց անձնական վիրաւորանքներու, ինչը յաջողած է։ Ըստ Շարմազանովի, յաջողուած է  նաեւ մօտեցնել կողմերու դիրքորոշումները:

«Նաեւ երջանիկ եմ, որովհետեւ այն, ինչ-որ նախատեսել էի ես՝ իմ մտքում, կարծում եմ նաեւ Դաւիթէն, ստացուեց։ Մենք առաջարկել ենք ստեղծել աշխատանքային խումբ, բայց մինչեւ աշխատանքային խմբի ստեղծելը, երկու շաբաթ ժամանակ ենք վերցրել, որպէսզի մեր յարգելի ուսանողներն իրենց բոլոր առաջարկութիւնները փաստաթղթաւորուած ներկայացնեն Պաշտպանութեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններին», – ըսած է Շարմազանով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment