Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պատմական Հանդիպում

Պատմական Հանդիպում

by MassisPost

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ԺԱՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայ Աւետարանական Համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները Սուրբ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Կեդրոնին մէջ՝ Պըրպէնք, Քալիֆորնիա։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հրաւէրով՝ ներկայ էին Հայ Աւետարանական եւ Առաքելական ընտրանի հոյլ մը, մասնակցելու եղբայրական ընթրիքի մը, ուր կ՚արտացոլար երկողմանի բարեկամեցողութիւն։ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկաները հրաւիրեց բաժակ բարձրացնելու Վեհափառին կենացը, որմէ ետք ան հրաւիրուեցաւ իր հայրական օրհնութիւնը մատուցանելու։ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ոչ միայն սեղանը, այլ նաեւ Առաքելական եւ Աւետարանական քոյր եկեղեցիները։

Ընթրիքի աւարտին, Պրն. Խանճեան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արեւմտեան Թեմի նուիրեալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, այս պատմական հանդիպումին սատարելուն համար։ Նաեւ շնորհակալութեան խօսք մատուց Տէր եւ Տիկին Ալպերթ եւ Թովի Պոյաճեաններուն՝ ընթրիքի երաշխաւորութեան համար։ Պրն. Խանճեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, որ ցուցանիշն է Հայկեան ցեղի զաւակներու միջեւ քաղցրաբարոյ՝ յարգալիր եւ սիրալիր յարաբերութեան։ Ան անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական հաւատքի արմատներուն, որոնք եւս ամրակուռ կերպով խարսխուած են Էջմիածնի մէջ, լուսաւորուած Աւետարանի՝ շնորհքի ու փրկութեան աւետիսով յղուած առաքեալներով։ Հայ Աւետարանական Համայնքը հաստատուած է Աստուածաշունչի եւ Հայ Եկեղեցւոյ հաստաբուն եւ հարազատ ծառին վրայ  որու ծաղկուն պտղատու կենսունակ ճիւղն է»։ Ան իր խօսքը եզրակացուց ըսելով.- «Մեր սրտագին մաղթանքն եւ աղօթքն է որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ Աւետարանչականը, գիտակից եւ հաւատարիմ իրենց առաքելութեան, կանգնելով դարաւոր Մայր Եկեղեցիի կողքին, շարունակեն տարածել Աստուծոյ Խօսքը, բաժնել Քրիստոսի բարի լուրը եւ հաւատքի ակունքներուն առաջնորդել Հայ անհատը։ Այսօր՝ աւելի քան երբեք նորոգուած խինդով եւ լարուած հաւատքով միասնաբար պարտինք դիմագրաւել ապագան, անխախտ յանձնառութեամբ եւ պինդ կամքով իրագործելու՝ աւելի փայլուն ապագայի եւ հզօր հայրենիքի մը տենչացող մեր ժողովուրդի տեսլականը»։

AMAA-2

Վեր. Պերճ Ճամպազեան, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւը՝ իր փորձառութենէն յիշեց, թէ անցեալին սիրալիր գործակցութեան ընթացքին՝ ան շօշափելի կերպով զգացած է Վեհափառ Հայրապետին սէրը, անկեղծութիւնը, ճշմարտասիրութիւնն ու գութը, եւ մաղթեց որ գործակցութիւնը շարունակուի ի փառս Քրիստոսի եւ վասն Հայրենեաց։

Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահը՝ գնահատեց այս հաւաքը, զոր կը զուգադիպէր Աւետարանչականի հարիւրամեակի տօնակատարութեան։ Ան փափաք յայտնեց գործակցիլ Մայր Աթոռին հետ՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս՝ որպէսզի կարենանք կերտել հզօր Հայրենիք, որ կարիքը ունի ոչ միայն նիւթական ուժի, այլ նաեւ հոգեւոր արժէքներու։ Ուրեմն հարկ է գործակցիլ, որպէսզի կարենանք գոյատեւել իբր Քրիստոնեայ Հայեր։

Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտօսթեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետը եւ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը, իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Քրիստոսի սէրն ու մեր ազգին կարիքներն են, որ մեզ այս հանդիպման կ՚առաջնորդեն։ Քանի որ Հայկազեան Համալսարանին նպատակն է երիտասարդութիւնը պատրաստել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ծառայելու մեր ազգին, հետեւաբար կարիքը ունին «ձեր հայրական աղօթքին ու աջակցութեան, որպէսզի անոնք բարի ապագայ ունենան»։

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովհնան Արք. Տէրտէրեան բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որ իր սրտի խօսքը մատուցէ։ Ան անկեղծութեամբ արտայայտուեցաւ, թէ անցեալին խոչընդոտներ կային եկեղեցիներուն միջեւ, բայց «այս երեկոն ապացոյցն է, որ անոնք վերցուած են»։ Ան շարունակեց իր մտորումները, ըսելով՝ թէ Աւետարանի լոյսի քարոզութեան համար եկեղեցական համայնք մը ստեղծել հարկ չէ, այլ պէտք է զօրակցիլ իրար հետ։ Ան ողջունեց միասնական գործակցութեան հոգին, որ ստեղծուած ըլլալու է անկեղծ Քրիստոնէական սիրոյ վրայ։ Հարկ է որ երկու եկեղեցիները ունենան միեւնոյն տեսիլքը ու միասին աշխատին մեր երկրի բարօրութեան համար։ Ան եզրափակեց իր պատգամը ըսելով.- «Աղօթեցէք մեզի համար, որպէսզի կարողանանք ապրիլ եւ գործել սիրով, որպէսզի Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը կարենան միասին դիմագրաւել մեր դիմաց եղող մարտահրաւէրները»։

Հաւաքը վերջ գտաւ եղբայրական ու Քրիստոնէական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ յոյսով որ այս երկխօսութիւնը շարունակուի ապագային:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment