Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Դէպի Սարտարապատ

Դէպի Սարտարապատ

by MassisPost

2018 Մայիսին կ’ամբողջանայ հարիւրամեակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմութեան եւ Հայոց պայքարի վճռակամութեան, որ կը բնորոշուի՝ Սարտարապատի փառապանծ յաղթանակով։

9Q4A0545Առ այդ, Հինգշաբթի 9 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի Հայկական Բաժանմուքին եւ Աշակերտական Խորհուրդին, վարժարանի «Պօյաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ընտանեկան հաւաք-ընթրիք-հանգանականութիւն, «Դէպի Սարտարապատ» բնաբանով, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական հարուստ յայտագիր։

Պատուոյ հիւրերէ, ծնողներէ եւ ՀԲԸ Միութեան համակիրներէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը կը լեցնէր սրահը։ Երեկոյի հանդիսաւորութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց եւ ներկաները իր յաճախակի խօսքերով ու օրուան խորհուրդով ոգեւորեց վարժարանիս Հայկական Բաժանմունքի պատասխանատու՝ օրդ. Լորա Գույումճեանը։ Ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ նախ վայելեցին ընթրիքը, նոյնինքն դպրոցի աշակերտներուն կողմէ սպասարկուած:

Ընթրիքի աւարտին աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր։ Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան վարժարանիս նուագախումբը, ապա երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ տիար Պարթեւ Կիւլիւմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Էլմիրա Սիմոնեանի, եւ պարախումբը՝ առաջնորդութեամբ տիկ. Թագուհի Պէզաթեանի: Յայտագիրը կ’ընգրկէր հայրենասիրական երգեր ու պարեր, առաջին մասը նուիրուած Արցախին ու Հայաստանին, իսկ երկրորդ մասը՝ Սարտարապատին։

9Q4A0770Վարժարանի «Հայ Թատրոն» ընտրովի դասարանի դերակատարները, ղեկավարութեամբ օրդ. Լորա Գույումճեանին, ներկայացուցին ընտանեկան եւ դպրոցական առօրեայ կեանքէն առնուած ծիծաղաշարժ տեսարաններ, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն ու բարձր գնահատանքին:

Ամբողջ երեկոն հոգեկան խորունկ լիցք եւ մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց կարգին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով լրումին հասցուցին կազմակերպուած հանդէսը։

Վարձքը կատար մեր սքանչելի աշակերտներուն, կազմակերպիչ ուսուցիչներուն եւ ձեռնարկը քաջալերող ներկաներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment