Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարկային Օրէնք` Հարուստներու Համար

Հարկային Օրէնք` Հարուստներու Համար

by MassisPost

Երկար սպասումէ ետք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը հրապարակեց հարկային նոր օրէնսդրութեան իր ծրագիրը, գործադրութեան դնելու համար նախագահ Թրամփի նախընտրական խոստումներէն մէկը:

Հրապարակուած նոր ծրագիրը կը ներկայացուի որպէս բարեփոխում եւ կը յաւակնի հարկային բեռը թեթեւցնել միջին խաւի վրայէն: Սակայն, շատ մը տնտեսագէտներու կարծիքով, ծրագրին մէջ ներառուած դրոյթներէն ամենէն աւելի օգտուողները պիտի ըլլան հարուստներն ու մեծ ընկերութիւնները, որոնք այժմու 39 տոկոսի փոխարէն պիտի վճարեն միայն 20 տոկոս: Նոյն տնտեսագէտներու կարծիքով,  միջին խաւին հասնելիք  օգուտը մեծ հարցականի տակ է: Ճիշդ է որ ոմանք աւելի նուազ պիտի վճարեն` քան ներկայիս, սակայն ժողովուրդի մէկ որոշ տոկոսը պիտի ստիպուի հարկային յաւելեալ վճարումներ կատարել:

Հարկային նոր օրէնսդրութեան հեղինակը Հանրապետական մեծամասնութիւնն  է, որ առանց նկատի առնելու Դեմոկրատ կուսակցութեան կարծիքը, յառաջիկայ օրերուն պիտի փորձէ օրէնքը վաւերացնել Գոնկրէսի երկու պալատներէն  ներս ու նոր տարիէն առաջ զայն դնել նախագահի սեղանին:

Օրինագիծի ամենէն զարմանալի ու վտանգաւոր հետեւանքներէն մին պիտի ըլլայ այն, որ Ամերիկայի ազգային պարտքը պիտի աւելնայ 1.5 դրիլիոն տոլարով, այսինքն` 1500 միլիառ տոլարով, անցնելու  համար 20 դրիլիոնի սահմանը: Այս պարագան զարմանալի է երբ նկատի ունենանք, որ նախագահ  Օպամայի օրով, Հանրապետականները զինք անխնայ կը մեղադրէին, կը բողոքէին  ու   մեծ աղմուկ  կը հանէին, ազգային պարտքի հարցով, նոյնիսկ երկու անգամ փակելով ամբողջ կառավարութեան գործունէութիւնը ու մեծ վնաս հասցնելով երկրի տնտեսութեան:

Այժմ որ,  Սպիտակ Տան մէջ կը գտնուի Հանրապետական նախագահ մը, ազգային պարտքը դարձած է երկրորդական մտահոգութիւն եւ պատրաստ են մեծագումար պարտքի տակ  մտցնելու երկիրը, պարզապէս իրենց մեծահարուստ  հովանաւորներուն գրպանը աւելիով լեցնելու համար:

Հանրային կարծիքի վերջին հարցախոյզերուն համաձայն, Ամերիկացի ժողովուրդի միայն 25 տոկոսը համամիտ է  նոր օրինագիծին, աւելին` միայն 16 տոկոսը կը հաւատայ, որ անձնապէս պիտի օգտուի այդ օրէնքէն:

Ժամանակն է որ, Հանրապետականները դադրին ծառայելէ միայն հարուստ խաւին ու սկսին մտածել ամբողջ ժողովուրդի մասին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment