Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հերթական Ամերիկեան Ողբերգութիւնը

Հերթական Ամերիկեան Ողբերգութիւնը

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի օր, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի մէջ սովորական երեւոյթ դարձած` հերթական մասսայական սպանութիւնը:

Արդարեւ, Լաս Վէկասի մէջ ընթացող բացօթեայ համերգի մը ընթացքին, մօտակայ  բարձրայարկ  հիւրանոցներէն մէկու պատուհաններէն, ինքնագործ զէնքերով կրակ սկսաւ տեղալ հազարաւոր ժողովուրդի վրայ: Տեղացիի մը կողմէ  կատարուած այս սպանդի զոհերու թիւը հասաւ  59-ի, իսկ վիրաւորները կը հաշուեն մօտ 500 հոգի, այսպիսով դառնալով  Ամերիկայի պատմութեան մեծագոյն նման աղէտը:

Պաշտօնական  տուեալներու համաձայն,  Ամերիկացի ժողովուրդի մօտ կայ տարբեր տեսակի աւելի քան 300 միլիոն զէնք` որսորդականէն  մինչեւ ինքնագործ: Հոս հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ չեն արգիլուիր զէնքերու  նման ծաւալի տարածումը: Պատասխանը կը կայանայ հոն, որ Ամերիկայի Սահմանադրութեան երկրորդ յաւելուածին համաձայն, իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի զէնք կրելու: Վերջին տասնամեակներուն բազմաթիւ փորձեր կատարուած են զէնքերու  տարածումը կասեցնելու եւ կամ սահմանափակելու համար, սակայն  այդ բոլորը ձախողութեան մատնուած են: Ինչպէս ամէն ինչ, այս հարցը եւս քաղաքականացուած է: Հանրապետականները կը պաշտպանեն զէնք կրելու իրաւունքը, նոյնիսկ նման կրկնուող սպանդներուն ի տես, իսկ Դեմոկրատները կը պահանջեն, ոչ թէ լրիւ  արգիլել, այլ որոշ սահմանափակումներ մտցնել վաճառուող զէնքերու տեսակներուն վրայ:

Այս երկրէն ներս կը գործէ  Զէնքերու Ազգային Ընկերակցութիւնը (NRA), որ կը նկատուի ամենէն մեծ  եւ ամենէն հարուստ լոպպիստական կազմակերպութիւնը, որ կը պաշտպանէ զէնք արտադրող  ընկերութիւններու շահերը: Այս  կազմակերպութիւնը այնքան զօրաւոր է  եւ ազդեցիկ, որ կը յաջողի ընտրութիւններու ընթացքին պարտութեան մատնել  Հանրապետական բոլոր այն թեկնածուները  եւ նաեւ կարգ մը դեմոկրատներ, որոնք չեն պաշտպաներ զէնքերու ազատ վաճառքը:

Մինչ Ամերիկացիք  կողբան այս անզգայ արարքը, Գոնկրէսը  անկարող  է աւելի խիստ օրէնքներ ընդունելու եւ պաշտպանելու ժողովուրդի ապահովութիւնը:

Դժբախտաբար նման ողբերգութիւնները  պիտի կրկնուին մինչեւ  այն ատեն, երբ քաղաքական շրջանակներուն կը պակսի քաջութիւնը` կտրուկ քայլերու դիմելու,  բաւարարուելով միայն իրենց ցաւակցական խօսքերով եւ զոհերուն համար անիմաստ ՙաղօթքներով՚:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment