Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտաշէս Գեղամեան Բռունցքներով Յարձակած է Նիկոլ Փաշինեանի Վրայ

Արտաշէս Գեղամեան Բռունցքներով Յարձակած է Նիկոլ Փաշինեանի Վրայ

by MassisPost

Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեանի միջեւ տեղի ունեցած վէճը շարունակութիւն ունեցած է միջանցքը:

«Ելք» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան մօտեցած է ամպիոնին ու յայտարարած, որ պիտի չխօսի այդ պահուն քննարկուող հարցին մասին, այլ պիտի անդրադառնայ այլ դէպի մը. «Դիմում եմ ՀՀԿ-ականներին. քիչ առաջ միջանցքում ձեր պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեանը բռունցքներով յարձակուել է մեր խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի վրայ, պահանջել, որ իր անունն այլեւս չասի: Եթէ մարդիկ զսպաշապիկի կարիք ունեն, ասէք, իմանանք՝ մենք էլ տուպինքաներով ու քասքաներով գանք»:

Դահլիճէն ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները յայտարարած են, թէ Արտաշէս Գեղամեան իրենց կուսակցութենէն չէ: «Կարծեմ՝ ձեր կուսակցութեան հետ է եկել այստեղ: Կարգապահական տոյժերի մեխանիզմներ իրականացրէք: Այդ ամէնը անթոյլատրելի է ԱԺ համար: Ձեր խմբակցութեան առաջիկայ նիստին անդրադարձէք այդ հարցին»,- ըսած է Գորգիսեան:

Իր հերթին Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է. «Հենց նոր ԱԺ միջանցքում Ա. Գեղամեանը բռունցքներով յարձակուեց ինձ վրայ։ Յաջողութեամբ պաշտպանուեցի։ Մի երկու անգամ էլ կօշիկներս փայլեցրի իրենով։ Ներողութիւն եմ խնդրում հանրութիւնից, որ ստիպուած եմ աշխատել այս պայմաններում»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment