Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանցի Դատախազը Խնդրած է Ալեքսանդր Լափշինը 6,5 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտել

Ատրպէյճանցի Դատախազը Խնդրած է Ալեքսանդր Լափշինը 6,5 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտել

by MassisPost

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ Ուրբաթ շարունակուած է Ատրպէյճանի մէջ կալանքի տակ գտնուող ինթերնեթի լրագրող Ալեքսանդր Լափշինի գործով դատավարութիւնը, կը գրէ «Թրենտ» գործակալութիւնը:

Դատաւոր Ալովսաթ Ապասովի նախագահութեամբ դատական նիստին դատախազը խնդրած է Լափշինի նկատմամբ սահմանել պատիժ՝ 6,5 տարուայ ազատազրկման տեսքով: Դատարանի հերթական նիստը պիտի կայանայ 19 Յուլիսին:

Աւելի վաղ՝ 12 Յուլիսին, հաղորդուած էր, որ աւարտած է լրագրողի գործով դատաքննութիւնը: Դատախազը խնդրած էր դատարանին իրեն ժամանակ տրամադրել մեղադրական ճառի պատրաստման համար:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի հանդիսացող Ալեքսանդր Լափշին ձերբակալուած է Մինսկի մէջ 2016 թուականի Դեկտեմբերի 15-ին՝ Ատրպէյճանի դիմումին համաձայն, եւ արտայանձնուած Պաքու 2017 թուականի Փետրուարի 7-ին:

Լափշինին կը սպառնայ 8 տարուայ ազատազրկում 2011 թուականի Ապրիլին, 2012 թուականի Հոկտեմբերին եւ 2016 թուականի Յունիսին Արցախ այցելելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, անդրադառնալով Լափշին արտայանձնման, յայտարարած էր, որ Ալեքսանդր Լափշինի հետապնդումը, Ատրպէյճան արտայանձնումը խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարում է, որ կրկին անգամ ի ցոյց կը դնէ բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խոր անդունդը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment