Թրքական տարբեր աղբիւրներու փոխանցմամբ, պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է բանտէն: Նշանեան, որ դատապարտուած էր բանտարկութեան, այս առաւօտ դուրս եկած է Ֆոչայի բանտէն (Նշանեան ենթակայ էր բաց բանտային ռէժիմի դրութեան) եւ մինչեւ այս ժամը չէ վերադարձած:
Ուշագրաւ է, որ Նշանեան թվիթըրեան իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է եւ ըսած «Թռչունը թռաւ… տարուսը մնացած ութսուն միլիոնին»:
Կատարուածի առնչութեամբ գրառում կատարած է նաեւ յայտնի թուրք մտաւորական, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պատմաբան Թաներ Աքչամը, ով նշած է, որ իր կարծիքով Նշանեանը Թուրքիայի ամենամեծ մտաւորականներէն է: «Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է ըսելով` «թռչունը թռաւ»: Բոլոր թռչուններու համար ազատ աշխարհի ակնկալիքով…»,- նշած է ան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մտաւորական լայն գործունէութիւն ծաւալած եւ տասնեակ հատորներու հեղինակ Նշանեան իր կերտած «Շիրինճէ»ի ամարանոցի «գործ»ով դատապարտուած էր 17 տարուան բանտարկութեան:
Թուրքական մամուլը աւելի վաղ յայտնած էր որ Սեւան Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններու սարքած գործըն է, քանի որ մտաւորականը բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած էր թուրքական կառավարութեան բացերու հրապարակային քննադատութեամբ: Շատերը հանդէս եկած են անոր ազատ արձակելու կոչով` նշելով, որ Սեւան Նշանեանին պատժելու իրական պատճառը այն է, որ ան համարձակած է քննադատել Թուրքիայի պաշտօնական պատմութիւնը` հրատարակելով «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը: