Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Հայաստանը Անկախութեան Հռչակումէն 25 Տարի Անց» Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի Ելոյթը Լաս Վեկասի Մէջ

«Հայաստանը Անկախութեան Հռչակումէն 25 Տարի Անց» Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի Ելոյթը Լաս Վեկասի Մէջ

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի Լաս Վեկասի մասնաճիւղը համագործակցաբար ՍԴՀԿ Հայկ Բժշկեան մասնաճիւղին, հրապարակային ասուլիս մը կազմակերպած էին տեղւոյն Ս. Կիրակոս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Թաճիրեան սրահին մէջ, որուն նիւթն էր «Հայաստանը Անկախութեան Հռչակումէն 25 Տարի Անց»:

Ընտրանի հասարակութեան մէջ կը նշմարուէին Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ Հոգշ. Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Լաս Վեկասի Հայաստանի հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Կարէն Սեդանեան, եւ այլ շրջաններէ եկած հիւրեր:

Օրուան հանդիսավար ՍԴՀԿ Հայկ Բժշկեան մասնաճիւղի ատենապետ Ճորճ Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը եւ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Կէրի Սինանեանի յիշատակը, որուն անակնկալ մահը խոր յուզում պատճառած էր բոլորին:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեան: Ան իր գնահատանքն ու անխառն ուրախութիւնը յայտնեց որ հետզհետէ առաւել եւս կը կազմակերպուի շրջանի հայ գաղութը, նորահաստատ եկեղեցիով ու յարակից կառոյցներով: Այնուհետեւ ներկաներուն ծանօթացուց օրուան բանախօսը` ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը:

Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կից Թաճիրեան շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ հայրենասիրական արտասանութիւններու փունջ մը:

Համապարփակ ելոյթով մը հանդէս գալով Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան անդրադարձաւ Սովետական շրջանի Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակի առանձնայատկութիւններուն եւ ապա կոմունիզմի փլուզումէն ետք նորանկախ Հայաստանի դիմակալած դժուարութիւններուն, որոնց ամենահիմնականը տնտեսական դրութիւնն էր:

Իր մեկնաբանութեամբ տնտեսութիւնը տասնապատիկ վատ պիտի ըլլար, եթէ դուրսէն եկած նպաստներու փոխանցումները չըլլային: Այսուհանդերձ ներկայիս Հայաստանի արտաքին պարտքը աստղաբաշխական թիւերու հասած է: Իսկ օլիկարխներն այսօր պետութեան զարգացման խոչընդոտներն են: ԱՄՆ-ի մէջ ալ նման դրոյթներ կան… սակայն Հայաստանի պարագան տարբեր է:

Հ. Սարաֆեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ.  Դժբախտաբար այսօր իրավիճակի փոփոխուին չկայ: ԱՄՆ-ի մէջ միջին խաւն է որ կը զարգացնէ երկիրը: Իսկ Հայաստանի մէջ միջին դասակարգը շատ փոքր է: Եթէ պայմաններն այս ձեւով շարունակուին` հետեւանքը աւելի ծանր պիտի ըլլայ, արտագաղթը պիտի շարունակուի եւ վտանգն ալ`  իր հետը…:

Յարգելի բանախօսն անդրադարձաւ նաեւ երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Պատկան մարմինները չի կրցան դասաւորել ձեւաւորուած արտաքին քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ դարձաւ Ատրպէյճանը:

Խօսելով 1999 Հոկտ. 27ի դէպքերուն մասին ըսաւ թէ պետութիւնը շրջադարձ կատարեց սխալ ուղղութեամբ: Իսկ անդրադառնալով ընտրական գործընթացին եւ խորհրդարանական համակարգի իրավիճակի հարցին նշեց «Ոչ մէկ տարբերութիւն նախկինի եւ ներկային միջեւ…»:

Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան եզրակացնելով իր ելոյթը հետեւեալ անհրաժեշտ նշումները կատարեց.

ա. Օրէնքի գերակայութիւնը հաստատել:

բ. Գործնապէս պայքարիլ օլիկարխիայի դէմ:

գ. Տնտեսական լուրջ քաղաքականութիւն մշակել:

դ. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգում: Այդ պարագային հեռանկարը շատ աւելի փայլուն կ’ըլլայ:

Հայաստանի ներկայ սերունդը գիտակից է իր առաքելութեան եւ ի վիճակի է փայլուն ապագայի մասին խօսելու:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան եւ դրուատեց Լաս Վեկասի հայ գաղութի միասնութիւնն ու տասը գործող կազմակերպութիւններու միջեւ տիրող համերաշխ գործընթացը:

Հայր Սասուն Ծ. Վրդ. խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց տիրոջ համագաղութային միասնական, աշխատանքներու մասին, յատկապէս ազգային եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ:

Ատենապետ Ճորճ Յակոբեանի շնորհակալական խօսքերով վերջ գտաւ սոյն միջոցառումը: Այնուհետեւ ներկաները հիւրասիրուեցան Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած ուտեստներով, ստեղծելով ընկերա-համակրական հաճելի մթնոլորտ մը:

կը շնորհաւորենք ՀԱԽ-ն ու սոյն միջոցառումի կազմակերպիչները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment