Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Սահմանին ՊԲ Զինծառայող Զոհուած է

Արցախի Սահմանին ՊԲ Զինծառայող Զոհուած է

by MassisPost

20 Մայիսին ժամը 07:20-ի սահմաններուն, Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանական Բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան կէտերէն մէկուն մէջ հակառակորդի կողմէն արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է զինծառայող, Կարէն Սարիբեկի Դանիէլեանը (1996-ի ծնունդ): Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը նշելով, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ այս կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment