Լրացաւ Տանոլտ Թրամփի պաշտօնավարման հարիւր օրը: Այս առթիւ լրատուամջոցներն ու քաղաքական մեկնաբանները զբաղած էին հաշուեկշիռ կատարելով Ամերիկայի 45-րդ նախագահի արձանագրած յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու մասին, գալով այն եզրակցութեան, որ Թրամփ չկարողացաւ իրագործել նախընտրական իր հիմնական խոստումներէն որեւէ մէկը, իսկ Սպիտակ Տունէն ներս սկանտալները անպակաս եղան` անցնող երեք ամիսներու ընթացքին:
Թրամփ խոստացած էր բեկանել նախագահ Օպամայի առողջապահական օրինագիծը եւ զայն փոխարինել մէկ ուրիշով: Այդ խոստումը ցարդ կը մնայ անիրագործելի, առաջին հերթին Գոնկրէսի հանրապետական մեծամասնութեան մէջ ծագած տարակարծութիւններուն պատճառաւ: Մեծահարուստներու շահատուրքերը նուազեցնելու ծրագիրը եւս կը մնայ թուղթի վրայ: Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու խոստումը եւս կը մնայ անիրագործելի, քանի որ Գոնկրէսը չուզեր միջոցներ յատկացնել այդ նպատակին համար, իսկ Մեքսիքան կտրականապէս կը մերժէ մասնակից ըլլալ խեղկատակութեան:
Իսլամական շարք մը երկիրներու քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող Թրամփի ստորագրած նախագահական հրամանագիրերը դատարաններու կողմէ առկախուեցան` որպէս հակասահմանադրական:
Տակաւին անորոշ կը մնան բազմաթիւ այլ խոստումներու ճակատագիրը, քանի որ Թրմափ չունի անհրաժեշտ հեղինակութիւնը ու փորձառութիւնը, իր ծրագիրները արժանացնելու օրէնսդիր մարմիններու հաւանութեան:
Այս բոլորէն անկախ, Թրամփի ընտրարշաւի պատասխանատուները յայտնուեցան Էֆ.Պի. Այ.-ի կողմէ քրէական հետաքննութեան տակ` Ռուսաստանի հետ գաղտնի կապեր հաստատելու եւ ընտրութիւններու ընթացքին վրայ ազդելու մեղադրանքով:
Այս միջոցին Թրամփ յաջողեցաւ յարաբերութիւնները խանգարել Ամերիկայի բարեկամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, ռմբակոծել Սուրիան, սրել կացութիւնը ու հիւլէական պատերազմով սպառնալ Հիւսիսային Քորէային:
Մէկ խօսքով, Թրամփի առաջին հարիւր օրերը եղան այնպէս ինչպէս կը նախատեսուէր: Անհաւասարակշիռ ու անփորձառու նախագահ մը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին Ամերիկան դարձուց աշխարհի ծիծաղի առարկան, չկարողանալով ընկալել իր ստանձնած պաշտօնի լրջութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»