Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան Չի Պատրաստուիր Հրաժարիլ Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահի Պաշտօնէն

Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան Չի Պատրաստուիր Հրաժարիլ Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահի Պաշտօնէն

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան հերքած է հայկական շարք մը լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնը այն մասին, թէ կը պատրաստուի հրաժարական տալ: Այս մասին յայտնած է Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը: Անդրադառնալով լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած մեկնաբանութեան` Պէքճեան պարզաբանած է. «Խօսքի մէջ ըսի` եթէ պէտք ըլլայ, կրնամ հրաժարիլ, սակայն նման բան չկայ»:

Սրբազան Հայրը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` 24 Ապրիլին ըրած ուղերձին ու անոր մէջ պատրիարքական ընտրութեան մասին ակնարկին` նշելով.

«Լաւ է, որ նման պատգամ հրապարակած է: Անցեալ տարի ալ հրապարակած էր, այս տարի ալ: Ինչ կը վերաբերի պատրիարքական ընտրութեան հարցին, անոր անդրադարձին` այդ մէկը լաւ է, տեսնենք արդիւնքը ինչ  կ’ըլլայ»:

Տեղապահը յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, այնուհետեւ պիտի մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովներուն: Հաւանական է, որ Էջմիածինի մէջ Պէքճեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի հետ քննարկէ պատրիարքական աթոռի շուրջ ստեղծուած հարցը:

Պէքճեանը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ է որպէս Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, սակայն Մոսկուայի մէջ կայանալիք նիստին պիտի մասնակցի որպէս Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի ընտրեալ տեղապահ:

«Ժամանակ»­-ի տեղեկութիւններով` պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան յառաջիկային ծրագրած այցեր չունի Մայր Աթոռ կամ Մոսկուա` մասնակցելու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, ուստի ԳՀԽ ժողովին Պոլսոյ պատրիարքարանի միակ ներկայացուցիչը Պէքճեանը պիտի ըլլայ:

«Ամէն բան կախուած է Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումէն»

 «Հայ Ձայն» կայքի հետ զրոյցին Պէքճեանը նշած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ անկայուն մնալ, եւ ամէն բան կախուած է Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումէն: Ան յայտարարած է, որ եթէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին մէջ մօտ ապագային դրական տեղաշարժ չնկատուի` ան կրնայ հրաժարական տալ։

«Նախքան տեղապահ ընտրուիլս՝ ես չէի ենթադրեր, որ նման իրավիճակի մէջ կրնամ յայտնուիլ, եւ եթէ կառավարական մարմիններու հետ բանակցութիւնները դրական արդիւնքներ չտան` ես կրնամ հրաժարական տալ», – ըսած է Պէքճեան:

Յիշեցնենք, որ Փետրուարին Էջմիածինի մէջ կայացած որոշման համաձայն՝ 15 Մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւն: Ընտրութենէն ետք, որուն համոզիչ յաղթանակ տարած էր Պէքճեան, Պոլսոյ նահանգապետարանը անակնկալ կերպով միջամտած էր ընտրութիւններուն: Պոլսոյ նահանգապետի տեղակալը նախքան պատրիարքարանին մէջ ընտրութիւնները սկսիլը, գրութիւն ուղարկած է, ուր իրաւաբանօրէն անհնար կը համարէ պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկը: Այս գրութիւնը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք պատրիարքարանի հոգեւորականներուն ներկայացուցած է տեղապահի ընտրութիւններուն պարտուած փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը եւ յայտարարած, որ չի հեռանայ տեղապահի պաշտօնէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment