Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Քննադատութեան Ենթարկած է Պոլսոյ Հայկական Հիմնադրամներու Առաջնորդները

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Քննադատութեան Ենթարկած է Պոլսոյ Հայկական Հիմնադրամներու Առաջնորդները

by MassisPost

Օրեր առաջ Արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքի պատճառով, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդի պաշտօնէն հրաժարականի մասին յայտնած եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ հայկական հիմնադրամներու առաջնորդներուն հետ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, Մաշալեան հանդիպման ժամանակ քննադատութեան ենթարկած է հիմնադրամներու առաջնորդներուն։ «Ձեր բոլորին կը ճանաչման, բոլորդ ալ յաջողակ գործարարներ էք։ Սակայն երկու օրուայ գործը մէկ հոգիի պատճառով թողեր էք, որ ձգուի 9 տարի»,-ըսած է Մաշալեան՝ շեշտելով, որ հարկ եղած պարագային Արք․ Աթէշեանի հարցով կրկին պիտի խօսի։

Խօսելով իր հրաժարականի մասին՝ եպիսկոպոս Մաշալեան նշած է, թէ այսքանէն ետք այլեւս չ’ուզեր տեսնել հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորականներուն, «քանի որ արդէն անոնցմէ իր սիրտը կը խառնուի»,-նշած է Մաշալեան։

Իսկ «Ակօս»-ի հետ զրոյցին եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը յայտարարած է, թէ հրաժարականը դեռ առկախուած է։ «Վերջնական որոշում պիտի կայացնեմ ժողովուրդի արձագանգին հիման վրայ։ Իմ հրաժարականի յայտարարութիւնը ուղղուած էր ժողովուրդին, որ ես այստեղ եմ, իսկ դուք ո՞ւր էք։ Մօտակայ օրերուն պիտի մտնեմ ժողովուրդին մէջ ու շփուիմ։ Եթէ իմ մօտ ոչինչ չյաջողի, ապա ուրեմն Աստուած ինձ հետ, կ’ըսեմ ցտեսութիւն»,-ըսած է եպիսկոպոս Մաշալեանը։

Նշենք, որ օրեր առաջ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական յայտնելու մասին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած էր՝ շեշտելով, որ այդ քայլին գացած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքի պատճառով, քանի որ վերջինս ամէն կերպ կը խոչընդոտէ պատրիարքի ընտրութիւններ ընելը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment