Նախ յայտնենք, որ «Կորուպցիան» օտար բառը կը գործածենք, քանի որ այս բառի երկու հայերէն հոմանիշները` կաշառակերութիւնը եւ փտախտը, չունին նոյն բովանդակութիւնը եւ հնչեղութիւնը: «Կորուպցիա» շատ աւելի ընդգրկուն է քան պարզ կաշառակերութիւնը եւ կը վերաբերի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կատարուող գողութիւններուն ու չարաշահումներուն:
Հայաստանի իրարայաջորդ կառավարութիւնները միշտ ալ յայտարարած են «Կորուպցիաի» դէմ պայքարելու իրենց վճռակամութեան մասին ու խօսած են այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջխաղացքի մասին:
Սակայն, վերջերս հրապարակուած տեղեկութիւն մը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ «Կորուպցիաի» դէմ պայքարը խօսքի սահմաններէն անդին չանցնիր եւ աւելին` անոնց հեղինակները կ’արժանանան ամենէն բարձր մակարդակի պաշտպանութեան:
Անցեալ տարուայ Ապրիլին, միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ «Փանամայի Փաստաթուղթեր» անուամբ ծանօթ «սկանտալին»: Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն մէջ յիշուած էին ապօրէն միջոցներով ձեռք ձգուած եւ Փանամայի մէջ պահ դրուած գումարներու իսկական տէրերու անունները: Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու կողքին կար նաեւ Միհրան Պօղոսեանի անունը, որ մինչ այդ կը վարեր Հայաստանի ԴԱՀԿ-ի պետի պաշտօնը եւ որու գլխաւորած կառոյցին վստահուած էր դատարաններու առած որոշումները գործադրութեան դնելու պարտականութիւնը: Պօղոսեանի անուան շուրջ յառաջացած մեծ աղմուկը ստիպեց իշխանութիւններուն, զինք հեռացնելու պաշտօնէն, միաժամանակ քննութիւն բանալով` ստուգելու համար անոր կուտակած հարստութեան աղբիւրը:
Վերջերս պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որ, այդ քննութիւնները դադրած են, քանի որ Զուիցերիա մերժած է գործակցիլ ու անհրաժեշտ փաստաթուղթերը տրամադրել հայկական կողմին: Սակայն, զուիցերիական կողմէ կը յայտնէ որ, Հայաստանի կողմէ իրենց ներկայացուած դիմումները պատշաճ ձեւով չեն լրացուած: Այսպիսով կասկած կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք դիտաւորեալ եղած են այդ բոլորը` «Պօղոսեանի» էջը փակելու համար:
Այժմ կը յայտնուի որ, Միհրան Պօղոսեան կը պատրաստուի մասնակցելու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ՀՀԿ-ի ցուցակով: Այսպիսով կրնանք ըսել, որ «Կորուպցիաի» յաղթահարման մասին լուրերը խիստ չափազանցուած են ու Հայաստանի մէջ այդ արատաւոր երեւոյթը կը մնայ ողջ ու առողջ:
«ՄԱՍԻՍ»