Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի «Արարատ» Օրաթերթի 80-Ամեակին Նուիրուած Շնորհահանդէս

Լիբանանի «Արարատ» Օրաթերթի 80-Ամեակին Նուիրուած Շնորհահանդէս

by MassisPost

Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթի 80-ամեակի շրջագիծէն ներս, Նոր Հաճըն թաղամասի  Հ.Կ.Բ.Մ.-ի սրահին մէջ, Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2017-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է «Արարատ» օրաթերթի 2017 ամանորեայ բացառիկի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ թերթի խմբագրական անդամներուն, ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն:

Բացման խօսքով, թերթի տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեան ընդգծած է. «1937 թուականէն եթէ պրպտենք «Արարատ»ի էջերը, պիտի նշմարենք թէ ինչպիսի լուրջ գրիչներ անցած են այնտեղէն, օրաթերթին տալով յատուկ փայլք եւ հմայք»: Ան ներկայացուցած է նաեւ այժմու խմբագրական երիտասարդ կազմը, որ համախմբուած է «Արարատ»-ի շուրջ, որուն արդիւնքն էր 2017 տարուան բացառիկը՝ նուիրուած 80-ամեակին, բաղկացած 200 էջերէ, ուր աշխատակցած են շուրջ 33 անուններ՝ աշխարհի չորս կողմերէն:

Իր խօսքի աւարտին, Անի Եփրեմեան ազդարարած է «Արարատ» օրաթերթի 80-ամեակի նախաձեռնութիւններու շարքին մեկնարկը, ապա խօսք առնելու բեմ հրաւիրած է թերթի երկարամեայ եւ նոր աշխատակիցները, իրենց սրտի խօսքը արտայայտելու:

Առաջին խօսքով, «Արարատ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Սարգիս Նաճարեան անդրադարձած է իրեն տարեկից թերթին եւ իր ընտանեկան առնչութիւններուն, հայ մամուլին նուիրուած իր ուղին նկատելով աւանդ մը իր հօր կողմէ, որուն համար ալ անկարելի նկատած է իրեն համար այլ ուղիի մը ընտրութիւնը:

Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան, որպէս կրթական եւ մամլոյ երկարամեայ մշակ, Հ.Բ.Ը.Մ. «Խօսնակ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր, իր կարգին շնորհաւորած է «Արարատ» օրաթերթի 80 երկար տարիներու ուղին, գնահատելով անոր դերն ու առաքելութիւնը, եւ մաղթած՝ որ «Արարատ»ը մնայ միշտ իր բարձունքին՝ Արարատ լերան նման:

Ալեք Քէօշկէրեան « Արարատ» օրաթերթը նկատած է իր ամէնօրեայ ուղիի ընկերակիցը, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան տունդարձը: Ան թերթին հետ իր կապը առնչուած է նաեւ իր ծնողաց կողմէ թերթին ցուցաբերուած հետաքրքրութեան, որուն լաւագոյն ապացոյցն էր իր մօր գրած նամակը՝ թերթի 80-ամեակին առթիւ, զոր փափաքեցաւ ընթերցել նաեւ ներկաներուն:

Ընկեր Եղիկ Ճէրէճեան առաջարկեց թերթի 80-ամեակին առթիւ հրապարակել բացառիկ համար մը, որուն մէջ կ’ընդգրկուին 80 տարուան ընթացքին արխիւային կարեւորութիւն ներկայացնող յօդուածներ, իր աջակցութիւնը առաջարկելով այս կարեւոր աշխատանքի իրականացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment