Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խմբագրական – 2017թ. Ամանորը Դիմաւորենք Լաւատեսութեամբ

Խմբագրական – 2017թ. Ամանորը Դիմաւորենք Լաւատեսութեամբ

by MassisPost

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սրբ. Ծնունդ:

Արդէն իսկ կը թեւակոխենք 2017թ. Ամանորը եւ Սրբ. Ծնունդը:

Միշտ ուրախ, յուսավառ  եւ  նոր ակնկալութիւններով կը դիմաւորենք  Նոր Տարին եւ Սրբ. Ծնունդը: Կ’ողջունենք`  ներշնչուած, լիցքաւորուած եւ լաւատեսութեամբ զեղուն սրտերով:

Ինչպէս միշտ նշած ենք, թէ նորը` ամանորեան իր լոյս ու յոյսով  եւ խայտաճամուկ զարդարանքներով,  իր հմայքին մէջ կը պահէ  մեզ, որքան ալ անցեալ տարիներու  փորձառութիւններով  պատրանաթափ եւ դժգոհ մնացած ըլլանք անոնցմէ: Տօնական զուարթ հոգեվիճակի մէջ, կրկին կը ներշնչուինք  Նորի կախարդանքով:  Մոռցած ամէն դժգոհութիւն, ի սրտէ կը շնորհաւորենք մեր հարազատներուն, բարեկամներուն, մեր գաղափարի ընկերներուն ու  ընկերուհիներուն, բոլորին, Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով  քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն, իրենց անձնական ու հասարակական  աշխատանքներուն մէջ:

Նորի ներուժը կը կայանայ  իր գրաւչութեամբ, ժամանակաւորապէս  ստեղծած անզսպելի խանդավառութեան մէջ, որ սակայն, կը ժամանցուի շուտով, անգամ մը որ ամանորեայ տօնական  թմբիրէն արթննանք ու ափ առնենք մեր սովորական առօրեան…:

Այնուհետեւ կը գերիշխէ  հիասթափութիւնը, այն  պատճառաւ, որ  ժամանցուած տարուան տեւողութեան գոյութիւն ունեցող  ընկերային, քաղաքական տագնապները,  ահաբեկչական եւ քաղաքացիական ընդհարումները տակաւ կը շարունակեն իրենց  ճնշիչ, աւերակիչ եւ մահասփիւռ ընթացքը:

Արդարեւ, 2016թ. Ամանորին մեր մաղթանքը  եղած էր հայրենի իշխանութիւններուն,  որ լծուին հայրենիքի զարգացման թափը սահմանափակող եւ  տկարացնող  տնտեսական տագնապի  դարմանման աշխատանքին: Այսօրուան դրուածքով, նոյնպէս, կը վկայուի թէ անոնք, առաւելաբար մտահոգուած կը համարուին իրենց անձնական ծրագիրներով, մէկդի թողած հայրենիքի  ու ազգի ընդհանրական բնոյթի հիմնական  կարիքները:

2016թ. Ամանորին, մեր  մաղթանքը եղած էր մեր հայրենի իշխանութիւններուն, որ անկարելին կարելի դարձնելով,  գործնապէս առաջքն առնեն արտագաղթին, որ լայն ծաւալ առնելով փաստօրէն կ’ուժաթափէ  մեր հայրենիքը  մարդուժի քանակական, որակական ու արտադրողական նուազումին պատճառաւ:  Հակառակ այս դառն իրականութեան, մեր պետական առաջնորդները կը մնան ձեռնածալ եւ անտարբեր,  իրենք զիրենք արդարացնելով այն անպատասխանատու  եւ  թեթեւաբարոյ  մեկնաբանութեամբ, թէ արտագաղթը ընդհանրական երեւոյթ էր բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ, եւ ծիծաղելի’ն`  անոնք ինքնագոհութեամբ կը յայտարարեն. թէ Հայաստան «ներգաղթողներ ալ  կան»…:

2016թ. Ամանորէն ակնկալած էինք, որ հայրենի իշխանութիւնները  իրողապէս աշխատին դարմանել  իշխանութիւն եւ ժողովուրդ տակաւ զարգացող պառակտուած  կարգավիճակը, առաւել եւս զօրացնել Սփիւռք հայրենիք կապերը, վստահութիւն ներշնչելով  Սփիւռքին եւ ջանալով, ըստ կարելիութեան, ամոքել «ժողովուրդին մօտ կուտակուած  դժգոհութիւնները»:

Ակնկալած էինք, որ հայրենի իշխանութիւնները  լրջօրէն կ’աշխատին կարգապահական ազդու միջոցներով պայքար ծաւալել հայրենիքը  ուժաթափող ապօրինի հարստացման, կաշառակերութեան, հակաժողովրդական եւ թոյլ արդարադատութեան անարդար եւ քմահաճ գործելաոճին դէմ: Ներազգային ու միջազգային դիտորդներու հաստատումները սակայն, կու գան վկայելու, թէ այդ  «ապօրինի հարստացումը, կաշառակերութիւնը եւ  քմահաճ գործելաոճը արգելակող միջոցառումներ չկան», Այսօրուան տուեալներով, վկայութիւնները կը շեշտեն, թէ առաւել  թափով եւ սաստկութեամբ կը շարունակուին անոնք, որ սնանկութեան եզրին կը հասցնեն հայրենի տնտեսական կարողականութիւնը:

2016թ. Ամանորէն ակնկալեցինք, որ հայրենի իշխանութիւնները  գործնականապէս տէր ու թիկունք կանգնին մեր սուրիահայ համայնքին, սկիզբէ’ն  եւ կազմակերպուած միջոցներով`  կարենալ ապահովելու համար անոր ֆիզիքական, մշակութային եւ պատմական կառոյցներու անվտանգութիւնը: Արդէն իսկ, գործակցաբար թուրք դաւադիր իշխանութիւններուն,  Սուրիան տարաբախտօրէն աւերակող  իսլամական պետութիւն կոչեցեալ անուան  տակ գործող  ահաբեկչական կազմակերպութեան հակապետական ուժերը,  Տէր Զօրի հայաբոյր Առաքելական Եկեղեցւոյ փլատակումէն ետք, սկսած  էին  ափ առնել,  իր հայ համայնքով  հպարտ`  հիւսիսային Սուրիոյ  պատմական Հալէպ  քաղաքի սահմանները:  Տարակոյս  չկար, որ աւերակող այդ գրոհները   շուտով պիտի տարածուէին  բովանդակ  քաղաքի տարածքին:  ինչ որ եղաւ:  Շատ ուշ արթնցաւ Հայաստանի իշխանութիւնը, երբ արդէն անմխիթար վիճակի մատնուած էր  Հալէպի  բովանդակ հայ ազգաբնակչութիւնը,  որ մեծաւ  մասամբ,  տուն տեղ, գործ,  ամէն ինչ կորսնցուցած, դարձաւ աշխարհացրիւ, ողբերգական վիճակի մատնուած:

Անմասն չէինք թողած մեր քաջարի բանակի սուրբ արեամբ ազատագրուած  անկախ, գերիշխան եւ հերոսական Արցախի Հանրապետութիւնը`  2016-ի մեր Ամանորեան սրտաբուխ, ջերմ  եւ անմնացորդ մաղթանքներէն: Մեր ակնկալութիւնն էր, որ Արցախ ապրէր խաղաղ ու ապահով սահմաններու մէջ, ունենար միջազգային ճանաչում եւ բարգաւաճ կեանք եւ դուրս գալով իր դրացի Ազերի ու թուրք զինեալ  շրջափակումներէն, բերէ  իր նպաստը, նաեւ, տարածաշրջանի խաղաղութեան ամրապնդման  եւ տնտեսութեան զարգացման մէջ: 2016 տարին չարդիւնաւորեց մեր ակնկալութիւնները.  Ընդհակառակը`  ազերին աւելի գոռոզացաւ եւ լրբացաւ իր հակապետական, հակաժողովրդական եւ հիմնովին  անօրէն ու տգէտ պահանջատիրութեան  մէջ:  Անգամ նկրտեցաւ  յայտարարել, թէ Հայաստան երկիրը կը պատկանի Ատրպէյճանին…:   Ան, մեծամտօրէն սպառնաց նաեւ, թէ իր շղթայազերծած Ապրիլեան  չորս օրուայ անակնկալ, անբարոյ  ու ռազմական թունդ ներթափանցումը  Արցախի սահմաններէն ներս, թեթեւ միջոցառում մըն էր գալիք ծանր յարձակման հետ բաղդատելու համար…:

Ինչպէս ամէն Ամանոր, մեր անմնացորդ ակնկալութիւնը եղած է միշտ, որ օսմանեան իթթիհատի կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ, իր բնոյթով  առաջին իրագործուած Ցեղասպանութիւնը  գտնէ աշխարհով մէկ ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցում`  բռնաբարուած իր ազգապատկան հողերու վերադարձով անոր իրաւատիրոջ, նոյն ինքն հայ ժողովուրդին:

Միջազգային թատերաբեմի վրայ,  Միջին Արեւելքով սկսած «իսլամական պետութեան» կողմէ կազմակերպուած  ահաբեկչութիւնը, որ արժեց պատմական երկիրներ  Իրաքի, ասպնջական Սուրիոյ, Լիպիոյ աւերակումները, իր աշխարհաքաղաքական բնոյթով, նուազ վհատեցուցիչ, սպառնական եւ վրիժառական չդարձաւ անգամ Եւրոպայի,  Ռուսիոյ Դաշնակցային պետութեան ու Ամերիկայի նման գերզօր  պետութիւններուն համար, զիրար խաչաձեւող քաղաքականութեան պատճառաւ…:  Անոնք եւս ենթակայ դարձան «իսլամական խալիֆայութիւն»ի  սպառնալիքներուն դժնդակ գործողութիւններուն եւ աշխարհով մէկ  սոսկում պատճառող  նախճիրներուն,  որոնց զոհերը դարձան ու տակաւին կը շարունակեն դառնալ անմեղ մարդիկ:

Դեռեւս,  2016թ. վախճանական տարուան Դեկտեմբերի 19-ին, աշխարհ ականատես վկան դարձաւ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ երկնակամարներու վրայ Դաշնակցային Ռուսիոյ օդանաւներուն դէմ կատարուած ահաբեկչական գրգռիչ գործողութիւններէ ետք, Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ Դաշնակցային պետութեան դեսպան Անտրէ Գարլովի  եղերական  սպանութեան, ինչպէս նաեւ, միեւնոյն ժամանակահատուածին,  Գերմանիոյ  քաղաքամայր Պերլինի «Սրբ. Ծննդեան գլխաւոր շուկայէն ներս» բեռնատար ինքնաշարժով   կատարուած մահացու ահաբեկչութեան, որուն զոհերը դարձան տասնըերկու սպաննուած եւ քառասունը վեց վիրաւոր անմեղ մարդիկ, որոնք շատ շատերու նման  շուկայ  իջած էին տօնական գնումներու համար:

2016թ. Ամանորէն ակնկալեցինք, որ գերզօր զոյգ պետութիւններ վերջ տան զիրար հակասող կեցուածքներուն, դաւադրական քաղաքական միջամտութիւններուն եւ խտրական վերաբերմունքներուն, կարենալ գործակցաբար  վերացնելու համար ընդհանրական բնոյթի վտանգները,  ի շահ աշխարհի խաղաղութեան,  ժողովուրդներու  բարօր կեանքի ապահովման եւ ազգային անկատար  երազներու նուիրագործման: Մեր փայփայած ակնկալութիւնները  ի դերեւ մնացին: Աւելին` կարելի լուծումներու կարօտ ազգային ցաւերուն վրայ եկան բարդուեցան նորեր, որոնք անելի մատնեցին աշխարհը:

Հակառակ միանգամընդմիշտ շրջանաւարտ տարուան տեւողութեան արձանագրուած եւ  տակաւ յամեցող ժխտական երեւոյթներուն` միշտ  վառ կը պահենք մեր մէջ  լաւատեսութիւնը Նորի հանդէպ, այն հաստատ համոզումով, որ աշխարհ  պիտի վերագտնէ իր երբեմնի խաղաղութիւնը ուշ կամ կանուխ:

Ազգային համընդհանուր միասնութեամբ առաջքը պիտի առնուի  մեր հայրենի տնտեսական տագնապին:  Կարելի սահմաններու մէջ պիտի դադրի արտագաղթը  մարդուժի քանակական, որակական ու արտադրողական կարելիութիւնները զարգացնելով:

Հայրենի իշխանութիւնը  գործնականապէս եւ հետեւողականապէս իր պետական ներդրումը պիտի բերէ սուրիահայ համայնքի վերականգնումի  աշխատանքներուն,  անոր պատմական  բնօրրանէն ներս:

Որ հերոսական Արցախի Հանրապետութիւնը  պիտի ունենայ միջազգային ճանաչում, ապահով սահմաններ, պիտի վերացուին  թշնամաբար  իր շուրջ հաստատուած շրջափակումները ու  ունենայ բարգաւաճ կեանք:

Հայրենի իշխանութիւնները  պիտի դարմանեն  իշխանութիւն եւ ժողովուրդ պառակտուած կարգավիճակը, առաւել եւս զօրացնելով Սփիւռք-հայրենիք կապերը,  վստահութիւն ներշնչեն բոլորին:

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը   պիտի աշխարհով մէկ ճանչցուի, դատապարտուի  եւ հայ ժողովուրդը պիտի հատուցուի բռնաբարուած  ազգապատկան հողերու վերադարձով:

Եւ վերջապէս, Միջին Արեւելքով սկսած «իսլամական պետութեան» կողմէ կազմակերպուած  ահաբեկչութիւնը վերջ  պիտի գտնէ  աշխարհով մէկ միասնական ջանքերով:

Այս լաւատեսական ակնկալութիւններով կրկին անգամ  կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք, մեր ժողովուրդի եւ համայն  մարդկութեան Նոր Տարին եւ  Սրբ. Ծնունդը, բոլորին մաղթելով ամենայն բարիք, ազգային անժամանցելի ձգտումներուն իրականացում եւ բարգաւաճ կեանք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment