Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Արտաշէս Քասախեանին եւ Քէթրին Պարկըրին

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Արտաշէս Քասախեանին եւ Քէթրին Պարկըրին

by MassisPost

Յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունենալիք  ընտրութիւններուն առթիւ, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) հրապարակեց կազմակերպութեան զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու ցանկը:

Առանձնացնելով Լոս Անճելըսի հայաշատ շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք երկու ընտրութիւններ, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ  Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի 43-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Արտաշէս Քասախեանին եւ  Լոս Անճելըս Գաւառի Վերակացուներու Խորհուրդի  5-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Քէթրին Պարկըրին:

Այս առթիւ հրապարակուած զօրակցական հաղորդագրութիւններուն մէջ ՀԱԽ կու գայ յայտարարելու թէ, Քասախեան միշտ եղած է իրագործումներ արձանագրած համայնքային գործիչ մը: Ան  յանձնառու եղած է զարգացնելու շրջանի տնտեսութիւնը ու բարելաւելու դպրոցներու   եւ  թաղամասերու վիճակը:

Քէթրի Պարկըրի կապակցութեամբ ՀԱԽ խիստ կարեւոր կը նկատէ  անոր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը` որպէս այդ աթոռի այժմու վերակացու Մայք Անթոնովիչի գրասենեակի ղեկավար:

Քէթրին Պարկըր եղած է Հայ համայնքի երկար տարիներու բարեկամը, մեծ օգտակարութիւն ունենալով շրջանի ժողովուրդին:

Հայ  Ամերիկեան Խորհուրդը  կոչ կ’ընէ շրջանի հայութեան անպայմանօրէն մասնակցելու Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու վերոյիշեալ թեկնածուներուն:

aca-election-vermero-10x15

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment