Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայութեան Հետ Զօրակցութեան Հաւաք

Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայութեան Հետ Զօրակցութեան Հաւաք

by MassisPost

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Մարմինի «ՍԱՐՖ »-ի նախաձեռնութեամբ,  Առաջնորդարանի Պըրպէնքի «Գալայճեան»  սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք,  զօրակցութիւն յայտնելու համար Սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Հալէպահայութեան, որոնք վերջին օրերուն դարձած են թիրախ ծանր ռմբակոծումներու, տալով մի քանի տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հաւաքին ներկայ էին հոգեւոր առաջնորդներ, կուսակցութեանց ղեկավարներ, բարեսիրական եւ այլ կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր ժողովուրդ:

Հաւաքը սկսաւ եկեղեցականներու կողմէ մատուցուած աղօթքով, որմէ ետք  օրուայ հանդիսավար Սոնա Մատարեան  իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ  Հալէպահայութեան դիմագրաւած դժուարին պահերուն եւ մեր պարտաւորութիւններուն` օգնութեան ձեռք մեկնելու անոնց:

«ՍԱՐՖ»-Ի անդամ Վազգէն Մատէնլեան ելոյթ ունենալով ներկայացուց Միութեան կառոյցը, նպատակները եւ առաքելութիւնը, յայտարարելով որ վերջին   չորս տարիներու ընթացքին կարելի եղած է հանգանակել մօտ 2.7 միլիոն տոլար, որ ամբողջութեամբ յատկացուած է իր նպատակին, նկատի առնելով որ Միութեան բոլոր անդամները կը գործեն կամաւոր սկզբունքով:

Ելոյթ ունեցաւ «ՍԱՐՖ»-ի ատենապետ  Ռաֆֆի Քէնտիրճեան, որ իր խօսքին մէջ  ներկայացուց  Սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը, յայտարարելով որ պէտք է շարունակել օժանդակութիւնները, եթէ Հալէպի մէջ մնայ մէկ Հայ իսկ:

Ապա, ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը, ուր պատկերուած էին յուզիչ տեսարաններ Հալէպի կործանուած քաղաքէն, հայորդիներու ապրած դժուարին ու ողբերգական իրավիճակներէն եւ ազգային հաստատութիւններու կրած վնասներէն:

Հաւաքի աւարտին իրենց հայրական խօսքը ըսին եւ օժանդակութեան ձեռք մեկնելու ու գթասրտութիւն ցուցաբերելու  կոչերով հանդէս եկան Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment