Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայան այցելելէ առաջ գերմանացի խորհրդարանականները վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ:
Բունդեսթագի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի փոխնախագահ Գարլ Լամերսը, Անգարայի մէջ, Գերմանիոյ դեսպանատունը ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ընդգծէր է` Դաշնային խորհրդարանը օրինական իրաւունք ունի տեսակէտ յայտնելու 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Լամերսը շեշտած է, որ ցեղասպանութեան հարցը պէտք չէ օգտագործուի իբրեւ քաղաքական գործիք: «Թուրքիան կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ հարցը պէտք է ուսումնասիրուի պատմաբաններու կողմէ: Մենք ալ որպէս յաւելում կը նշենք, որ խորհրդարանները եւս այս հարցով խօսքի իրաւունք ունին»,- յայտարարեց գերմանացի պատգամաւորը:
Վերջինս Թուրքիա մեկնելէ առաջ գերմանական Zeit Online պարբերականի հետ զրոյցին կրկնած էր գերմանացի պաշտօնեաներու աւելի շուտ հնչեցուցած տեսակէտը, թէ Բունդեսթագի որոշումը իրաւական պարտադիր ուժ չունի: Միեւնոյն ժամանակ, Լամերսը նշեց, որ Դաշնային խորհրդարանը իրաւունք ունի տեսակէտ յայտնել բոլոր կարեւոր հարցերուն շուրջ եւ իր որոշման կը հետեւի կանգնած:
Լամերսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ ընդգրկուած են 7 պատգամաւորներ 4 կուսակցութիւններէ, յառաջիկայ 3 օրերու ընթացքին կ′ըլլայ Ատանա տեղակայուած Ինճիրլիք ռազմակայան, ուր Գերմանիան «Դորնատո» տիպի 6 հետախուզական ինքնաթիռ, վառելիքով վերալիցքաւորող մէկ օդանաւ եւ շուրջ 250 զինծառայող ունի, որոնց միջոցով կ′օժանդակէ Սուրիոյ «Իսլամական պետութեան» դէմ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշնութեան գործողութիւններուն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ, խորհրդարանականներու այցը մամուլի համար փակ պիտի ընթանայ: Այցին իբր արդիւնք, Դաշնային խորհրդարանը կ′որոշէ Թուրքիոյ մէջ իր զինուորներու ծառայութեան երկարաձգման հարցը:
Գերմանական պատուիրակութեան ղեկավար Գարլ Լամերսը, կարեւորելով իրենց այցը, նշեց, որ այն երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին կը խօսի:
Յիշեցնենք, պաշտօնական Անգարան, վրդովուած Բունդեսթագի մէջ, յուլիս 2-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն, արգիլած էր գերմանացի խորհրդարանականներու մուտքը Ինճիրլիք ռազմակայան` Գերմանիոյ կառավարութենէն պահանջելով հրաժարիլ Բունդեսթագի որոշումէն եւ յստակ յայտարարեց զայն չսատարելու մասին: Գերմանական կողմը մերժած էր այդ պահանջները` պնդելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ոչ մէկ կապ ունի գերմանացի պատգամաւորներու Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու խնդրին հետ:
Սեպտեմբերի սկիզբը, Չինաստան կայացած Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովին տեղի ունեցած Մերքէլ-Էրտողան հանդիպումէն յետոյ թրքական կողմը մեղմեց իր դիրքորոշումը` ի վերջոյ թոյլատրելով գերմանացի խորհրդարանականներու այցը Ինճիրլիք: