Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քլինթըն-Թրամփ Բանավէճի Դասերը

Քլինթըն-Թրամփ Բանավէճի Դասերը

by MassisPost

Երկուշաբթի երեկոյեան կայացաւ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու այնքան սպասուած առաջին բանավէճը` Դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթընի եւ Հանրապետական Տոնալտ Թրամփի միջեւ:  Նախնական տուեալներով աւելի քան 84 միլիոն ամերիկացիներ հեռատեսիլի միջոցաւ հետեւած են բանավէճին, որ մեծ հետաքրքրութիւն  յառաջացուցած էր նոյնիսկ  Ամերիկայի սահմաններէն դուրս:

Մէկ ու կէս ժամ տեւած բանավէճին յաջորդած քննարկումներու ընթացքին քաղաքական մեկնաբանները  համակարծիք  էին, որ Հիլըրի Քլինթըն յաղթական դուրս եկաւ   եւ յաջորդ օրերը պիտի քան ցոյց տալու, եթէ հանրային կարծիքը եւս զգալի տեղաշարժերու պիտի ենթարկուի, ամրապնդելու համար Քլինթընի ունեցած չնչին առաւելութիւնը` իր մրցակիցին նկատմամբ:

Ամբողջ երեկոյի ընթացքին, Հիլըրի Քլինթըն իր տուած պատասխաններով ու յայտնած տեսակէտներով  եկաւ փաստելու որ լաւատեղեակ  ու  փորձառու ղեկավար մըն է, որ պատրաստ է, առաջին օրէն իսկ ստանձնելու այս հզօր երկրի նախագահի ծանր պաշտօնը:

Գալով Տոնալտ Թրամփին, ան  անգամ  մը եւս եկաւ ցոյց տալու թէ, ինք արժանի չէ նախագահական բանավէճի ամպիոնին վրայ իսկ գտնուելու: Ան հանդէս եկաւ անհաւասարակշիռ պատասխաններով,  անկապ  մտքերով, անպատշաճ միջամտութիւններով, ծիծաղելի շարժուձեւերով եւ ընդհանրապէս, ոչ նախագահական պահուածքով:

Այս երկրի  մտածող զանգուածը սարսափով կը հետեւի Թրամփի վերջին շաբաթներու արձանագրած որոշ յառաջխաղացքին: Անոր անձին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մտավախութիւնները անգամ մը եւս  շեշտուեցան բանավէճի ընթացքին:

Ժամանակն  է որ,  ժողովուրդի լայն զանգուածը եւս դասեր քաղէ բանավէճի ընթացքին պարզուած պատկերէն: Պէտք է անդրադառնալ, որ Տոնալտ Թրամփը  չէ պատասխանը` շատերու ունեցած դառնութեան եւ ան չէ որ  պիտի կարողանայ բարելաւել    իրավիճակը:  Ընդհակառակը, Թրամփի նախագահութիւնը  վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար:

Պատմութեան  ընթացքին բազմաթիւ են օրինակները, երբ անհաւասարակշիռ մարդիկ յայտնուելով իշխանութեան վրայ, երկիրներ առաջնորդած են անկումի:

Ամերիկան եւս կը գտնուի նման վճռական պահի մը առջեւ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment