Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայկական Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Որ Շրջաններու Վերադարձին Մասին Կը Խօսուի, Եւ Ինչ Կը Ներկայացնէ «Կազանի Համաձայնագիրը»

Հայկական Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Որ Շրջաններու Վերադարձին Մասին Կը Խօսուի, Եւ Ինչ Կը Ներկայացնէ «Կազանի Համաձայնագիրը»

by MassisPost

Վերջին երկու ամիսներուն Հայաստանի պաշտօնեաները ամէն առթիւ կը խօսին ԼՂՀ խնդիրի կարգաւորման փոխզիջումներուն մասին: Թէ ինչի մասին է խօսքը, որեւէ մէկը չի յայտներ:

Միայն յայտնի է, որ ներկայիս ԼՂ խնդիրի շուրջ բանակցութիւններու սեղանին դրուած է «Կազանի համաձայնագիր» պայմանական անունը ստացած փաստաթուղթը, որն արդէն իսկ գաղտնազերծուած է: Այնտեղ սեւով սպիտակի վրայ գրուած է. ԼՂՀ խնդիրի կարգաւորման  ուղիղ առաջին փուլին նախատեսուած է. «Լեռնային Ղարաբաղին յարակից ազրպէյճանական բոլոր տարածքները, որոնք կը գտնուին հայկական վերահսկողութեան տակ, կը վերադարձուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Վերադարձի մանրամասները կողմերը կը համաձայնեցնեն խաղաղութեան համաձայնագիրով:

Առաջին փուլին վերադարձուին Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ճէպրայիլի, Զանգելանի եւ Ղուբաթլուի շրջանները»: Այսինքն՝ ներկայ փուլին ամէն անգամ, երբ Հայաստանի որեւէ պաշտօնեայ փոխզիջում բառը կ՛արտաբերէ, ակամայ ան կը յայտարարէ, որ վերը նշուած տարածքները թշնամուն յանձնելուն ինքը կողմ է: Ընդ որում, յանձնել ոչինչի դիմաց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment