Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպի Շուրջ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութիւններու Վտանգ, Ծանրօրէն Վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան

Հալէպի Շուրջ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութիւններու Վտանգ, Ծանրօրէն Վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան

by MassisPost

Շատ   հաւանական է, որ Հալէպի  մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խախտուի  եւ կողմերը  վերադառնան զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու:  Այս մասին կը փոխանցէ արաբատառ  «Ալ Սաֆիր»  պարբերականը  յղում ընելով՝ ռուս  բարձրաստիճան զինուորականներու: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն հակառակ  անոր, որ ընդդիմադիր խմբաւորումներ  ծանր կորուստներ կրած են, կան  տեղեկութիւններ, որ  7000  զինեալներ  կը գտնուին,   ռազմական գործողութիւններու թէժ   թատերաբեմ դարձած  քաղաքի  հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ: 

Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ,որ ինչպէս մօտիկ անցեալին  եղած է, այսօր ռուսական կողմը մտադիր  չէ դադրեցնել մարտական  գործողութիւնները եւ այդ իսկ պատճառով ներկայիս կը գործեն  մարդկային 7 անցքեր, որոնց միջոցաւ հեռանալ ուզող զինեալները կրնան հեռանալ եւ  շրջանին  եղող  ծանր վիճակներու մէջ եղող քաղաքացիներուն համար կ’ապահովուի  անվտանգ  ելքի   ճանապարհ մը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ իր կարգին  Սուրիոյ ազգային  բանակը  յաւելեալ կուտակումներ կը կատարէ եւ կը պատրաստուի շատ  հաւանաբար յառաջիկայ  օրերուն ծաւալելիք պատերազմական մարտերուն: Ըստ ռուսական բանակին մէկ բանբերին , իրենց տնօրինումով Հալէպի մէջ օրական   3  ժամով հրադադարի ռէժիմ պիտի գործէ:

sako-kouyoumjianՀալէպի մէջ Ծանրօրէն Վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան
Հալէպի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան անունով երիտասարդ մը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նոյն աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Գույումճեան «Նոր Գիւղ» շրջանէն անցած պահուն անյայտ կապար մը ստանալով փոխադրուած է «Ալ Րազի» հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: Կը հաղորդուի, նաեւ, որ Գույումճեան վիրաւորուած է գլուխէն եւ անոր վիճակը բաւական ծանր է:

Նշենք, որ 47-ամեայ Գույումճեան անդամ է Հալէպի «Հայ Մարմնակրթական Միութեան»՝ ՀՄՄ-ին եւ ան, որպէս երաժիշտ եւ վարչական պատասխանատու երկար տարիներ ծառայած է հալէպահայ համայնքէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment