Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեան.- Ընդդիմութիւնը կը Պատրաստուի Երկարատեւ Պայքարի

Նիկոլ Փաշինեան.- Ընդդիմութիւնը կը Պատրաստուի Երկարատեւ Պայքարի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուող ընդդիմադիր ճակատը  երկարատեւ պայքարի կը պատրաստուի: Այս մասին պարզ դարձաւ «Քաղաքացիական   պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի   այսօր   Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնին մօտ արտասանած   խօսքին ընթացքին:

Փաշինեան , որ յայտնեց, թէ իրենց համար հիմնական նպատակը նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարաննն է նաեւ  դիտել տուաւ, որ այդ  հրաժարականը կախեալ է  Հայաստանի   հանրութեան  յառաջիկայ գործողութիւններէն: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն մեծ թիւով ներկայ ըլլայ Էրէբունիի զօրակայանի շրջակայքը նկտաել տալով, որ   բողոքի հաւաքներուն հիմնական ժամը երկոյեան  ժամը 20:00–էն 22:00–ն է:

Նշենք նաեւ,  որ հաւաքին  խօսքով հանդէս  եկաւ  «Հիմնադիր խորհրդարան»ի  պատասխանատուներէն Ալեք Ենգիմոշեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ  իրենց համար  պայքարի հիմնական օրակարգը   նախագահ Սարգսեանի իր պաշտօնէն հրաժարումն է:   Խօսքերու աւարտին հաւաքը   աւարտած յայտարարուեցաւ եւ   շրջանին  մէջ   հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment