Բարեկամներուս` Վարդանին եւ Մարոյին, որոնք տարիներ առաջ յանդգնեցան իրենց երկուորեակները անուանակոչել Վասակ եւ Վարազ

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Սիրելի ընթերցող,
Վերի խորագիրը կրնայ ծառայել մի քանի տեսակ փորձարկութեանց:
Ա. Արդեօ±ք թունդ ելան հայրենասիրական փափուկ զգացումներդ եւ չուզելով կարդալ այս յօդուածը, արդէն իսկ դաւաճանի պիտակը խարանեցիր տողերս գրողի ճակտին:
Բ. Արդեօ±ք յաղթահարելով հայրենասիրական փափուկ զգացումներդ, որոշեցիր շարունակել ընթերցումդ եւ տեղեկանալ յօդուածի բովանդակութեան:
Գ. Ընկալելէ ետք յօդուածի միտք բանին, համաձայն պիտի ըլլա±ս անոր եւ պիտի ջանա±ս շրջապատիդ մէջ տարածել այդ մտածելակերպը:
Այս նախաբանէն անմիջապէս ետք յստակացնենք, որ խորագրի Վարդանը չի վերաբերիր Ս. Սահակ կաթողիկոսի թոռնիկ, Աւարայրի հերոս Վարդան Մամիկոնեանին, այլ` Արշակ Բ թագաւորի օրով ապրած պարսկասէր Վարդան Մամիկոնեանին, իր տոհմի նահապետին, որ դաւադիր գործերու եւ սուտ մատնութեանց կարգին, սպաննած էր Գնէլ իշխանին: Ան սպաննուեցաւ իր Վասակ եղբօր ձեռքով, երբ կը փորձէր փախչիլ Պարսկաստանի Շապուհ արքային մօտ:
Գալով խորագրի Վասակին, ան չի վերաբերիր 5րդ դարու մարզպան Վասակ Սիւնիին, այլ դար մը առաջ ապրած սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանին, որ Արշակ Բ թագաւորի օրով հոյակապ յաղթանակներ կերտեց Պարսիկներու եւ Բիւզանդացիներու դէմ, մինչեւ որ դաւաճանաբար ինկաւ Անյուշ բերդ եւ տանջալից սպաննուեցաւ:
Վերջապէս, խորագրի Վահանը չի վերաբերիր 484ին Նուարսակ կերտած սպարապետ Վահան Մամիկոնեանին, այլ կրօնափոխ ու դաւաճան Վահան Մամիկոնեանին, որ Պարսկաստանի Շապուհ արքայի քոյրերէն մէկուն հետ ամուսնանալով, իր քրոջը զաւակ Մեհրուժան Արծրունիի հետ պարսիկ բանակներով արշաւեց Հայաստան, կործանելով եկեղեցիներ, աւերելով քաղաքներ եւ կոտորելով բազմահազար հայեր: Ան սպաննուեցաւ իր զաւկին` Սամուէլի ձեռքով (այս դէպքէն ներշնչուելով Ռաֆֆին ստեղծագործեց Սամուէլ վէպը):
Խորագրի Վարդան, Վասակ եւ Վահան Մամիկոնեանները եղբայրներ էին: Բայց մինչ Վասակ քաջութեան եւ հայրենասիրութեան տիպարն էր, Վարդան եւ Վահան հայրենաքանդ գործունէութիւն կը ծաւալէին: Այդ մէկը այնքան անհանդուրժելի դարձաւ, որ ինչպէս տեսանք, առաջինը սպաննուեցաւ իր Վասակ եղբօր ձեռքով, իսկ երկրորդը իր զաւկին` Սամուէլի ձեռքով:
Ի~նչ հետեւութիւններ կրնանք ընել այս օրինակէն:
Ա. Մամիկոնեան հռչակաւոր գերդաստանը, հայ ազգին տուած անձնազոհ հերոսներու կողքին, տուած է նաեւ դաւաճաններ: Շատերու համար կրնայ հաճելի չի թուիլ այս մէկը ու նոյնիսկ մեղանչում կրնայ նկատուիլ ոմանց կողմէ, բայց պատմական իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր: Հետեւաբար, տուեալ ընտանիքի մը պատկանիլը իր առաւելութիւնները կամ թերութիւնները կրնայ ունենալ, բայց պէտք չէ գնահատանքի գլխաւոր արժեչափ մը դառնայ:
Բ. Վասակի մը դաւաճանական արարքը պէտք չէ պատճառ դառնայ ուրիշ Վասակներու հայրենանուէր արարքներու մթագնման, սեւով պատելով Վասակ անունը: Յստակ է, որ այս մօտեցման աղբիւրը Յուդայի օրինակն է, որ դժբախտաբար որդեգրուեցաւ Եղիշէ պատմիչին կողմէ եւ օգտագործուեցաւ փառաբանելու Աւարայրի հերոս Վարդան Մամիկոնեանը ու նսեմացնելու մարզպան Վասակ Սիւնին: Այդպիսով ժամանակի ընթացքին Վասակ անունը հոմանիշ նկատուեցաւ դաւաճանութեան, անարդարօրէն մոռացութեան մատնելով հայրենանուէր Վասակներ, Արծրունի, Բագրատունի, Մամիկոնեան, Պահլաւունի եւ Ռուբինեան գերդաստաններէն:
Գ. Դէմքերու եւ դէպքերու սեւ-սպիտակ կտրուկ մեկնաբանութիւնը աւելի յաճախ դուռ կը բանայ բաժանումներու, քան` համալրման: Վարդան-Վասակ հակադրութիւնը եւ Արշակաւան քաղաքի պատմութիւնը դիպուկ օրինակներ են: Վասակ Սիւնիի պարագային, Աւարայրի նախորդած ժամանակաշրջանին, իր գործունէութիւնը շատ աւելի դրական եղած է, քան բացասական, ինչպէս կը վկայէ մեր մատենագիրներէն Փարպեցին: Բայց նկատելով որ Եղիշէ պատմիչ մօտիկ եղած է Մամիկոնեան գերդաստանին եւ այս վերջինն ալ եկեղեցիին (որ մեր պետականութեան բացակայութեան ստանձնեց մեր ազգի առաջնորդութիւնը), հետեւաբար Աստուած-սատանայ հակադրութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Վարդան-Վասակ հակադրութեան առաջացման մէջ: Ժողովուրդին հայրենասիրութիւն ջամբելու ամենահեշտ ու մակերեսային, բայց ոչ ամէնէն առողջ ու խորքային ուղղին էր այդ: Նմանօրինակ ազդեցութեան արդիւնք է Արշակաւան քաղաքի անուան շուրջ ստեղծուած ժխտական պատկերացումը: Հայկական պետութեան տկարացման պատճառ հանդիսացող հայ նախարարներու կեդրոնախոյս գործունէութեան դէմ ուղղուած եւ կեդրոնը հզօրացնելու քայլ մըն էր Արշակաւանի հիմնումը: Դժբախտաբար հայ եկեղեցին, որ նախարարական տուներու նման աւատապետ մըն էր, կեդրոնին դէմ դիրքաւորուելով, նպաստեց Արշակաւանի քանդման եւ անոր անունին սեւացման: Հետեւաբար, դարերու յառաջխաղացքին հետ, Վասակ եւ Արշակաւան անունները անարդարօրէն ստացան ժխտական պատկերացում, նպաստելով անհանդուրժողական ոգիի տարածման եւ status quo-ն փոխելու միտուած ջանքերու աժանագին սեւացման:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով մեր պատմութեան վրայ, կը տեսնենք որ փոխանակ ընդդիմադիրը` Վասակ եւ կամ վերակառուցման փորձը` Արշակաւան անուանելով ամբոխավարօրէն դատապարտելու եւ ձախողեցնելու անոնց բերելիք ներդրումը, եթէ զարկ տուած ըլլայինք կարծիքներու ազատ արտայայտման առողջ սովորութեան զարգացման, ապա ազգովին շատ աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ կ’ըլլայինք այսօր: Դժբախտութիւնը հոն եղած է, որ միշտ ալ մեր մէջ գտնուած են ուժեր, որոնք հայ ժողովուրդի շահերը նոյնացնելով իրենց հատուածական շահերուն հետ, փորձած են ինքզինքնին բռնի պարտադրել ամբողջ ազգին վրայ, պատճառ դառնալով անհանդուրժողական ոգիի տարածման եւ հուսկª պառակտման, ջլատման ու տկարացման: Ու այդ պատճառաւ հասած ենք այսօրուան վիճակին:
Անցեալի ու ներկայի մեր ընթացքի վերարժեւորումը խիստ հրամայական է, ապագայի մեր բարօրութեան ապահովման համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Armenia and Russia to Sign Agreement to Extend Service Life of Armenian NPP

YEREVAN (ARKA .am) — Before the end of 2014 Armenia and Russia…

Democracy Is the Most Important Factor in Preserving the Sovereignty, and Independence of the Republic of Armenia – PM Pashinyan

YEREVAN — Democracy is the key instrument for guaranteeing and preserving Armenia’s…

Erdogan Sends Message of Condolences to the Turkish-Armenian Community

ISTANBUL (Agos) — In a written statement, Turkish President Recep Tayyip Erdogan…

Ten Injured in Grenade Attack in Yerevan Disco

YEREVAN — Officials in Armenia’s capital, Yerevan, say 10 people — including…