Յարութ Տէր Դաւիթեան

16 տարիներ առաջ, Օգոստոս 1994ին, ձեր Լոս Անճելէս այցելութեան առթիւ, երկու յօդուածներ հրատարակեցինք: Առաջինը՝ «Քաջ Նազար» ամսագրի Յուլիս 1994 թիւով, խորագրուած՝ «Ոսկեդարի Ներշնջումով», իսկ երկրորդը՝ «Մասիս» շաբաթաթերթի Օգոստոս 13, 1994 թիւով, խորագրուած՝ «Սրտագին Խօսք Ազգընտիր Նախագահին»:

Առաջին յօդուածին մէջ կը նշէինք, որ «3րդ եւ 4րդ դարերու վրայ երկարող ժամանակաշրջանը հաւանականօրէն ամենէն փոթորկալիցն ու ճակատագրականը եղած է» մեր պատմութեան մէջ: Բաւ է նշել 387 թուի Հայաստանի բաժանումը եւ անոր նախորդած Արշակունի 4 թագաւորներու դաւադրութեանց զոհ երթալը կեդրոնախոյս նախարարներու կողմէ: Սակայն հակառակ այդ բոլորին, մենք յաջողեցանք 5րդ դարուն Ոսկեդար կերտել, շնորհիւ հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասող քանի մը առաջնորդներու ջանքերուն: Նոյն յօդուածին մէջ մենք կը նշէինք թէ «այն ինչ որ կը պատահի վերջերս, դժբախտաբար մեզ չյուսադրէր: Անձնական ցեխարձակումներն ու վատաբանութիւնները զզուանք կը յառաջացնեն ժողովուրդին մէջ… 88ի ոգին սկսած է խաթարուիլ… պէտք է կասեցուի քաոսային վիճակի գացող այս ընթացքը… »: Բայց նաեւ կ’ընդգծէինք «մենք տակաւին հաւատացողն ենք, որ ժողովուրդը ճիշտ կողմնորոշուեցաւ իր առաջին ազգընտիր նախագահի ընտրութեամբ: Առաջնորդ մը՝ որ խորապէս ըմբռնած է պատմութեան դասերը ու պահի ճակատագրականութիւնը եւ այդ գիտակցութեամբ կը գործէ»: Ու կ’աւարտէինք մեր յօդուածը հետեւեալ լաւատես պարբերութեամբ. «Եթէ 3րդ եւ 4րդ դարերու փոթորիկներէն մեր նախահայրերը կրցան ստեղծել 5րդ դարու Ոսկեդարը, փաստե’նք որ արժանի ժառանգորդներն ենք անոնց, ստեղծելով մեր նորագոյն Ոսկեդարը»:

Երկրորդ յօդուածը կը սկսէինք Շէյքսփիրի հետեւեալ խօսքերով. «այս օրերը վտանգաւոր են. առաքինութիւնը կը խեղդուի փառամոլութեան կողմէ»: Ու կը շարունակէինք. «այս խառնակ օրերուն, փորձութիւնը մեծ է, որ առաքինութիւնը տեղի տայ փառամոլութեան: Ակնարկ մը մեր չորս կողմը բաւարար է հաստատելու, որ այդ փորձութեան ենթարկուողներուն թիւը շատ է: Երանի այդպէս չըլլար: Երանի մարդիկ գիտակցելով պահի վտանգաւոր ու ճակատագրական բնոյթին, վեհանձնութիւնը ունենային վեր բարձրանալու իրենց անձնական ու հատուածական նեղ հաշիւներէն ու գործէին յանուն մեր ժողովուրդի ու նորահաստատ պետութեան հզօրացման»: Նշելէ ետք թէ «1880ական թուականներուն սկսած մեր ազատագրական պայքարը դժբախտաբար յանգեցաւ մեր դարաւոր հայրենի հողերու մեծամասնութեան կորուստին ու մեր բնակչութեան թիւին կոտորակումին», կը յուսայինք որ «1988ի Զարթօնքով մեզի կը վիճակուի շարունակելու այդ պայքարը ու սրբագրելու անցեալի սխալը: Մենք կը հաւատանք, որ հայրենի ժողովուրդը ճիշտ ընտրութիւն կատարեց այդ պայքարի ղեկը վստահելով Ձեզի: Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ խորապէս կը գիտակցիք պահի ճակատագրականութեանը ու կ’առաջնորդուիք ազգային շահերով: Մենք կը հաւատանք, որ առաքինի մարդ էք, հեռու փառամոլութիւնէ ու այդ ալ կը պահանջէք Ձեր շրջապատէն: Ու մինչ կարգ մը մարդիկ միայն կը մատնանշեն ներկայի բազում դժուարութիւնները, անոնց պատասխանատուութիւնը բարդելով Ձեր ուսերուն, մենք չենք կրնար անտեսել Ձեր ներդրումը այն իրողութեան, որ մեր վերջին աւելի քան 1600 տարուայ պատմութեան մէջ (նկատի ունինք 387 թուի Հայաստանի բաժանումին յաջորդող ժամանակաշրջանը) ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ Է, ՈՐ ՀԱՅԸ ՀՈՂ Կ’ԱԶԱՏԱԳՐԷ…Առաջնորդները մեծ դեր կը խաղան ժողովուրդներու մտայնութեանց յեղաշրջման մէջ: Այս մէկը յատկապէս ճիշտ է մեր ժողովուրդի պարագային: Մեր ազգային ինքնագիտակցութեան կերտման նպաստած գլխաւոր երկու շարժումները՝ Քրիստոնէութիւնը եւ Գիրերու Գիւտը արքունիքէն ծնունդ առին ու տարածուեցան ժողովուրդին մէջ եւ ոչ թէ հակառակը, ինչպէս այլուր: Դուք պէտք է ժողովուրդին մէջ արմատացնէք Ղարաբաղ Կոմիտէի բերած նպաստը մեր մտածողութեան յեղաշրջման մէջ: Մօտ 600 տարիներու Օսմանեան լուծի տակ մենք պարզապէս կրօնական հօտ մըն էինք: Անցեալ դարուն սկսած մեր ազատագրական շարժումը փորձեց մեզ ձերբազատել այդ հօտի հոգեբանութիւնէն, սակայն դժբախտաբար վիժեցաւ, որովհետեւ իր փրկութիւնը յուսաց դուրսի ուժերէն: Նոյն այդ անիրատես մօտեցումն էր, որ կործանեց մեր կարճատեւ անկախութիւնը: Եւ ահա 88ն եկաւ շեշտելու ազգային ինքնուրոյն մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը: Ասոր մէջ կը կայանայ Ձեր շարժման գլխաւոր նպաստը: Դժուար պիտի ըլլայ ձերբազատուիլ դարերու ընթացքին մեր մէջ արմատացած այդ հօտի մտայնութիւնէն, սակայն անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել այդ մէկը, եթէ կ’ուզենք որ մեր նորահաստատ պետականութիւնը յարատեւէ»: Մեր խօսքը կ’աւարտէինք Կէօթէի մէկ մէջբերումով՝ «իշխելը դիւրին է, կառավարելն է դժուար», առաջարկելով՝ «օգտուեցէք այս պատմական առիթէն ի մի համախմբելու մեր ժողովուրդի տաղանդները ու բոլորիս ներդրումով կառավարելու մեր պետութիւնը», որովհետեւ «Ձեր յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնն է»:

1998ին, նախագահական պաշտօնէն Ձեր հրաժարական-ուղերցով, մեր վրայ այն տպաւորութիւնը թողուցիք, որ չուզեցիք ենթարկուիլ կարգ մը ուժային նախարարներու կամքին, ու կառչած մնալով Ձեր համոզումներուն վրայ, նախընտրեցիք հրաժարիլ: Մեր կարծիքով, ուզեցիք նաեւ ժողովուրդին հասկցնել, որ կախեալ չըլլան քանի մը հոգիի հովանիէն, անոնցմէ յուսալով իրենց ցաւերուն դարմանը, այլ ձգտին ինքնահաստատման՝ ժողովրդավար միջոցներով: Դժբախտաբար Ձեր պատգամը տեղ չհասաւ: Ինչպէս որ տեղ չէր հասած Ձեր «Պատերազմ թէ՞ Խաղաղութիւն. Լրջանալու Պահը» յօդուածով, մեր ազգը յուզող լրջագոյն խնդիրները հրապարակային լուրջ քննարկման առարկայ դարձնելու ճիգը: Հօտի մտայնութեան տէր մարդոց համար հայհոյանքն ու ձեխարձակումը աւելի հեշտ էին, քան՝ լուրջ քննարկում ծաւալելը…

Ու լռեցիք: Ամբողջ 10 տարի: Հակառակ անոր, որ ականատէսն էիք պետութեան վայրէջքին: Հոկտեմբեր 27ն եկաւ ամենադաժան ձեւով փաստելու թէ ինչո՞ւ ազգը պէտք չէ կախեալ ըլլայ քանի մը հոգիէ, այլ հիմնուի ժողովրդավար հաստատուն խարիսխի վրայ: Հայրենի երկիրը վաճառքի հանուեցաւ «գոյք պարտքի դիմաց» 30-արծաթեայ սակարկութեամբ: Արցախեան նուաճումները, փոխան ամրակայման, խարխլեցան նոյնինքն այդ հողէն ծնունդ առած բայց շահադիտական նպատակներէ շլացած ու ազգասիրութեան գաղափարէն պարպուած ղեկավարներու կողմէ: Ժողովուրդին պարտադրուեցաւ ստրուկային մտածելակերպ, զայն զրկելով հայրենի հողի իրաւատէրի լիցքաւորող, հզօրացնող զգացումէն: Ժողովուրդը զրկուեցաւ ազատ հեռուստաեթերէ իր ձայնը լսելի դարձնելու իրաւունքէն: Բողոքի արդար ընվզումները վայրենաբար ճնշուեցան ինքզինք երկրի «միակ տղամարդը» հռչակած ու այդ ընելով ժողովուրդը արհամարհած անգրագէտ մարդուն ու իր խնկարկուներուն կողմէ: Ժողովուրդը յուսալքուեցաւ ու օտարացաւ հայրենի երկրէն:

Տասնամեայ հանդիսատեսի դերէն ինչո՞ւ որոշեցիք վերադառնալ քաղաքական հրապարակ: Մեր համեստ կարծիքով՝ որովհետեւ հաւատացողն էք պատմութեան դատաստանին ու նախանձախնդիր էք այն աւանդին, զոր պիտի թողուք յաջորդ սերունդներուն: Առաքինի հասկացողութիւն մը՝ որմէ դժբախտաբար զուրկ են Ձեզմէ ետք նախագահական աթոռը գրաւողները: Վերեւ նշուած մեր առաջին յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Ղեկավարները պէտք է առաջնորդուին մեր ազգային շահերու գիտակցութեամբ եւ ոչ թէ անձնական նախասիրութեանց: Անոնց մտահոգութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ յաջորդ սերունդներու վիճակը եւ ոչ թէ յաջորդ ընտրական արշաւը: Կը գործե՞ն այդ գիտակցութեամբ, ապահոված կ’ըլլան ժողովուրդի նեցուկն ու յարգանքը: Այլապէս կը վարկաբեկեն ինքզինքնին ու վտանգած կ’ըլլան ժողովուրդի երթը»: Մենք կը հաւատանք, որ այդ առաքինի գիտակցութիւնն էր, որ մղեց Վարդան Մամիկոնեանը 64 տարեկան հասակին ետ դառնալու օտարութեան ճամբէն, ստանձնելու հայկական բանակի սպարապետութիւնը եւ Աւարայրի ճակատամարտով նուաճելու անմահութիւն: Այլապէս, Հայոց պատմութեան մէջ իր դերը պիտի ըլլար այն, ինչ որ է տասնեակ մը այլ Մամիկոնեան սպարապետներու պարագան:

Աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր վերադարձած էք աշխոյժ քաղաքականութիւն: Ձեր վերադարձը յատկանշուեցաւ իր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ժողովրդային պոռթկումով, փաստելով որ կայ բնակչութեան ստուար թիւ մը, որ դժգոհ է տիրող իրավիճակէն ու կարօտ՝ արժանապատիւ կեանք մը վարելու տարրական իրաւունքին: Մարտի 1-ով փաստուեցաւ նաեւ, որ Հոկտեմբեր 27-ով իշխանութիւնը զաւթողները պատրաստ են ժողովուրդի արիւնը յեղելու գնով, կառչած մնալու իրենց միահեծան իշխանութեան եւ հայրենաքանդ, բայց իրենց խմբակին համար շահաբեր, ուղղիին վրայ: Բարեփոխումներու որեւէ յոյս սին է : Հայաստանը կաթիլ առ կաթիլ կը մահանայ ձեր իսկ կողմէ իշխանութեան բերուած Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան զոյգին լուծին տակ: Ընտրական զեղծումները, համատարած կաշառակերութիւնը, օլիկարխիկ աւատապետական դրութիւնը, Ազգային Ժողովի ազգասիրութիւնէ զուրկ պատգամաւորներու ահաւոր տոկոսը, ահագնացող արտաքին պարտքը, շարունակուող արտագաղթը, քաղբանտարկեալներու գոյութիւնը եւ ազատ հեռուստակայաններու կոպիտ զրկումը այդ կը վկայեն: Յուսալքութիւնը բացայայտ է ոչ միայն Հայաստանի պարագային, որ տակաւ կը պարպուի, այլ նաեւ Սփիւռքի պարագային: Յետ-Եղեռնեան մօտ հարիւրամեայ Սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայութիւնէ օտարացման, ձուլման վտանգը այնքան մտահոգիչ եւ հրատապ չէ եղած, որքան այսօր: Ու գլխաւոր պատճառը՝ մեր գոյութեան խարիսխ եւ raison d’etre Հայաստանի մէջ անտառային բնազդներով ղեկավարուող վարչախումբի մը քանդիչ գործունէութիւնն է, որ գահավէժ ընթացքով երկիրը կը տանի կործանման, յուսաբեկելով մեր հոգիները: Շահնուրի բառերով. «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն (վկա՛յ օտարալեզու դպրոցներու պարտադրումը- ՅՏԴ): Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: Կը նահանջենք ազգովին, յառաջխաղացքի պատրանքին ներքոյ, երգելով, պարելով եւ նոյնիսկ Փլասիտօ Տոմինկօները այդ թատրոնին մասնակից դարձնելով: Կը նահանջենք տարեց տարի հեռանալով ու ոտնակոխ ընելով «ժողովրդավարութեան կղզեակ» Հայաստանի պատկերը, որուն կը ձգտէինք անկախութեան առաջին տարիներուն: Հայաստանն ու Սփիւռքը կը նմանին ուղեկորոյս, աննպատակ շրջող նաւերու, որոնք յոյժ անհրաժեշտութիւնը ունին ազգային տեսլականով առաջնորդուող ղեկավարներու: Առարկողներ պիտի ըլլան, որ մենք ղեկավարներու պակասէն չէ որ կը տառապինք, այլ՝ զինուորներու: Մեր ազգի թիւր հասկացողութիւններէն մին ալ այդ է, երբ տասնապետի կարողութիւններով օժտուած մարդիկ ինքզինքնին ժեներալ կարծելով զինուոր կը փնտռեն: Դարձեալ Շահնուրի բառերով. «Ամէն ազգ, ամէն դարու, ամէն ժամանակաշրջանի, գիւղացի, անտաշ եւ անգրագէտ ամբոխէն զատ ունեցած է «պզտիկ» մարդեր, «ընտրեալ» կոչուած դասակարգին մէջ իսկ: Սակայն Հայոց մօտ անոնց թիւը ջախջախիչ, գերապատիկ, յուսահատական համեմատութիւն կը ստանայ»: Մեզի կը պակսին տեսլական ունեցող առաջնորդներ, որոնք կարողութիւնը ունին գծելու ազգաշահ քաղաքականութեան ուղղութիւն մը: Այնպէս ինչպէս ըրին Տրդատ Գ եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ կաթողիկոս-Մեսրոպ Մաշտոց-Վռամշապուհ թագաւոր երրեակը եւ Պատմահայր Մովսէս Խորենացին, 3րդ, 4րդ եւ 5րդ դարերու մեր պատմութեան փոթորկալից ու ճակատագրական ժամանակաշրջանին:

Ահա թէ ինչո՞ւ անյետաձգելիօրէն էական դարձած է համազգային ջանքերով Հայութիւնն ու Հայաստանը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը: Որ պէտք է սկիզբ առնէ Հայաստանէն: Եւ Դուք ոչ միայն կրնաք, այլ պարտաւոր էք մեծ դեր խաղալ այս գործընթացի սլացքին եւ ուղղութեան ճշտման մէջ, եթէ անշուշտ տակաւին նախանձախնդիր կը մնաք պատմութեան մէջ Ձեզի վերապահուելիք դերին եւ անուան: Անցնող երկու տարիներու Ձեր գործելաձեւը սակայն, տարակուսանք կը ստեղծէ մեր մէջ: Դուք որ հաւատացողն էիք բազմակարծութեան արդիւնաւէտութեան, կարծէք հիմա կ’ուզէք Ձեզ շրջապատել միայն հլու համախոհներով, տակաւ հեռանալով Կէօթէի «կառավարելու» խորհուրդէն: Արդեօ՞ք ի տէս վարչախումբի անմարդկային գործելաձեւին, Դուք ալ յոյսերնիդ կտրեցիք սահմանադրական միջոցներով եւ ժողովուրդի լուռ մեծամասնութեան ներգրաւմամբ Հայաստանը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու գործընթացի իրագործելիութեան հաւանականութիւնէն: Ու փոխանակ կարկինը լայն բանալու, կ’ուզէք սեղմ ու հնազանդ խումբով աշխատիլ: Վերջին քանի մը շաբաթներուն, վարչախումբը հրաժարականներու բեմադրութեամբ տակաւ կը ներամփոփուի, ինքզինք աւելի ապահով դարձնելով, դիմադրելու հաւանական որեւէ անակնկալի, որ կրնայ սպառնալ իր իշխանութեան: Մեզ մօտ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Դուք ալ նմանօրինակ ընթացք կ’ուզէք որդեգրել: Բայց ինչ ալ ըլլան պարագաները, Դուք մտահան պէտք չէ ընէք մեր պատմութեան այս ժամանակաշրջանին Ձեր ուսերուն դրուած պարտաւորութիւնը: Նկատի ունենալով անկախութեան առաջին տարիներու Ձեր ներդրումը եւ Ձեր մտային պատրաստութիւնը, Դուք նախանձախնդիր պէտք է ըլլաք, որ մեր նորօրեայ Զարթօնքի շարժումը չի մատնուի հարիւրամեակ մը առաջուան Զարթօնքի նոյն դժխեմ ճակատագրին: Ի տարբերութիւն Ձեզմէ ետք նախագահական աթոռը գրաւած զոյգին, Դուք քաջածանօթ էք Պատմահայր Խորենացիի խորհուրդներուն, թէ ի՜նչ խղճալի վիճակի մէջ կրնանք յայտնուիլ ազգովին, երբ մեզի կը տիրեն «խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ են բարձում, անտանելի հրամաններ են տալիս. կառավարիչները կարգ չեն պահպանում, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները զօրացած. հաւատը ծախւում է այս ունայն կեանքի համար: Աւազակներ են գալիս անհատնում եւ շատ կողմերից. տները թալանւում են, ստացուածքները յափշտակւում, գլխաւոր մարդիկ կապւում են, յայտնի անձեր բանտարկւում են, դեպի օտարութիւն են աքսորւում ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ են կրում ռամիկները…»: Դարձեալ կը կրկնենք, թէ անյետաձգելիօրէն էական դարձած է համազգային ջանքերով Հայութիւնն ու Հայաստանը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը: Այլապէս Խորենացիի զգաստացուցիչ «Ողբ»ի «դժոխքի ակնկալութիւնը» անգամի մը համար եւս իրականութիւն պիտի դառնայ Հայ ազգի համար:

1 comment
  1. Ուշացումով , ամբողջ սրտով ողջունում եմ: Լռել, նշանակում է մեղսակից լինել…
    Ջերմ ողջույններով՝
    Արամայիս Միրզախանյան
    Շվեդիա, Սթոքհոլմ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Letter to Editor: Medicare Fraud

Recently the FBI arrested 52 in an Armenian crime syndicate that stole…

Open Letter to the U.S. Ambassador in Armenia Mr. Richard Mills

Subject: The Lydian Amulsar Gold Mine Project in Armenia Dear Mr. Richard…

Questions About Actions We Should Take

BY HARUT DER-TAVITIAN  Referring to our recent article “Crucial Months”, a group of friends,…

A Worthy Tribute

By Kevork Keushkerian Maria Jacobsen (1882-1960) was a Danish Lutheran missionary who…