Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցազրոյց` ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի Հետ

Հարցազրոյց` ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի Հետ

by MassisPost

«Լիայոյս  Ենք,  Որ  Յառաջիկայ Տարուան  Փոփոխութիւնները
Իսկապէս Դրական Նոր Ընթացք Մը Կու Տան Հայաստանին»

– Ընկ.  Սարաֆեան, ինչպէս գիտենք, անցնող Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ, կուսակցութեան 21 համագումարին ընտրուեցաւ  Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան նոր Կեդրոնական  Վարչութիւնը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք  իրականացուած ընտրութիւնը եւ այսօր  ընտրութենէ գրեթէ երեք ամիս ետք` ի՞նչ հունով կը գործէ նորընտիր կեդրոնական վարչութիւնը` նկատի առնելով որ այն կ’ընդգրկէ, համեմատաբար, բաւական երիտասարդ եւ նոր դէմքեր:
– Անշուշտ միշտ չէ, որ այսպիսի փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան գերագոյն մարմինի մը կազմին մէջ: Աւանդաբար` փոփոխութիւնները աւելի փոքր տարողութեամբ կ’ըլլան եւ գործունէութեան շարունակականութիւն  մը կ’ապահովեն: Անշուշտ, երբեմն ալ տեղի կ’ունենայ նման մեծածաւալ փոփոխութիւն, որ ինքնաբերաբար կը պահանջէ քիչ մը աւելի երկար ժամանակ մինչեւ որ խմբային նոր աշխատելաոճ ձեւաւորուի: Գոհունակութեամբ կ’ուզենք արձանագրել, որ արդէն  շուրջ երեք ամիսներէ ի վեր համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ աշխատանքը հեզասահ առաջ կ’ընթանայ, որովհետեւ բոլորս ալ, վերընտրուած կամ նորընտիր անդամներ, գիտակից ենք համագումարին մասնակից պատգամաւորներու  կողմէ  մեր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ անկէ բխող պարտականութիւններուն ու ակնկալութիւններուն:

– Յառաջիկայ չորս տարիներուն համար նախատեսուած ձեր գործունէութեան ծիրին մէջ ի՞նչ պիտի ըլլան կուսակցութեան առաջնահերթութիւնները.  Այս հարցումը կ’ուղղենք` տրուած ըլլալով որ Հնչակեան կուսակցութիւնը սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ գործօն եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ունի:
– Կուսակցութեան  համար  առաջնահերթութիւնը  միշտ Հայրենիքն է`  Հայաստանը, անշուշտ Արցախը եւ ապա Սփիւռքը իրեն յատուկ մարտահրաւէրներով: Հայաստան-Արցախի առումով` առանցքայինը Արցախի հիմնահարցն է, որուն հետ անմիջականօրէն կապուած են թ¯է Հայաստանի եւ թ¯է Արցախի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, մէկ կողմէն սրած կը պահեն իրավիճակը սահմանին վրայ անընդհատ խախտելով հրադադարը, իսկ միւս կողմէն մեծ ջանքեր կը գործադրեն միջազգային գետնի վրայ իրենց ի նպաստ մթնոլորտ ստեղծելու համար, գործի դնելով հակահայ ապատեղեկութիւն և նաւթատոլարները: Այս ամէնուն դէմ պայքարելու համար չափազանց կը  կարեւորենք  Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնական ու համակարգուած աշխատանքը`  հակազդելու եւ կասեցնելու նման փորձերը:

Ներհայաստանեան առումով,  այսօր բոլորս ալ քաջածանօթ ենք երկրի դիմագրաւած լուրջ խնդիրներուն զանազան մակարդակներու վրայ` իրաւական, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական, որոնց հանրագումարը կը բերէ անոր, որ քաղաքացին կորսնցնէ բարւոք ապագայի  նկատմամբ իր յոյսը ու  բռնէ  արտագաղթի ճամբան: Առ այսօր շարունակուող  արտագաղթը իրականութեան մէջ ազգային աղէտ է:  Իւրաքանչիւր անցնող օր ու նոր արտագաղթող` անմիջական հարուած է մեր ազգային անվտանգութեան: Հետեւաբար, անհրաժեշտ են գործնական ու տեսանելի քայլեր որպէսզի ժողովուրդը, մանաւանդ երիտասարդ ընտանիքները իրենց  զաւակներուն ապագան կերտելու յոյսը ուրիշ երկիր մէջ չփնտռեն, այլ մնան իրենց հայրենիքին մէջ: Վերոնշեալ հարցերու  լուծման պիտի միտուած ըլլայ մեր կուսակցութեան գործունէութիւնը հայրենիքէն ներս, շեշտը դնելով ընկերային արդարութեան հետ առնչուող խնդիրներուն  վրայ:  Անշուշտ կը սպասենք  յառաջիկայ տարի` 2018-ին տեղի ունենալիք համակարգային փոփոխութիւններուն, յոյս ունենալով,  որ անցնելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին իսկապէս նոր սկիզբ կը դրուի երկրի իրաւական, տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներուն:

Իսկ սփիւռքեան առումով, գլխաւոր մտահոգութիւնը կը շարունակէ  մնալ ուծացման ու ձուլման յարաճուն վտանգը, մանաւանդ արեւմտեան աշխարհին մէջ, ուր ապրելակերպի եւ տարտղնուածութեան  պատճառով շատ աւելի դիւրին է ամբողջովին կտրուիլ  հայկական միջավայրէն քան ըսենք Միջին Արեւելքի մէջ: Նկատենք նաեւ, որ անցեալին հայ պատանին ազգային ոգիով կը տոգորուէր կարդալով Ռաֆֆի, Աբովեան, Ծերենց, Պատկանեան, եւայլն: Իսկ ժամանցի հիմնական վայրը ակումբն  էր, ուր կամ մասնակից կ’ըլլար սկաուտական շարժման կամ ալ մարզաձեւի մը: Այսօր պայմանները բոլորովին այլ  են  եւ հայ պատանիին կամ երիտասարդի ուշադրութիւնը բոլորովին այլ տեղ է: Ան գրեթէ հայերէն  գիրք չի կարդար ու ժամանցի նախընտրելի զբաղմունքը ընկերային ցանցերն են, որոնց միջոցով  ան  կը հաղորդակցի արտաքին աշխարհին հետ,  նոյնիսկ կարիքը չունենալով իր սենեակէն դուրս գալու: Այս ամենէն պարզ կը դառնայ, որ հայապահպանութեան  աւանդական միջոցները ալ արդիւնաւէտ չեն եւ  խիստ անհրաժեշտ է, որ գտնուին նոր միջոցներ եւ ձեւեր հայ պատանիին կամ երիտասարդին հետ հաղորդակցուելու եւ  անոր ազգային ոգի ու արժէքներ փոխանցելու համար:

Գալով Միջին Արեւելքին, ապա առաջնահերթ մտահոգութիւն կը մնայ Սուրիոյ աւերիչ պատերազմը ու առ ի  հետեւանք` Սուրիահայութեան կարգավիճակը: Մարդկային ու նիւթական կորուստի կողքին, ցաւալի է նաեւ այն իրականութիւնը, որ հայութեան կարեւորագոյն կռուաններէն` Հալէպէն ստիպողաբար հեռացաւ հայ բնակչութեան ստուար մասը, ու աւելի ցաւալիօրէն, անոնցմէ ոմանք հասնելով հայրենիք, այս կամ այն պատճառով, կարճ ժամանակ անց մեկնեցան դէպի հեռաւոր ափեր: Բարեբախտաբար, վերջին շրջանի դրական զարգացումները մեզի յոյս կը ներշնչեն, որ կը մօտենայ այն օրը, երբ մեր հայրենակիցները պիտի կարողանան վերադառնալ իրենց տուները եւ գաղութը` եթէ ոչ ամբողջովին,  գոնէ  մասամբ պիտի վերագտնէ  իր երբեմնի աշխուժութիւնը: Հոս, գոհունակութեամբ կ’ուզենք նշել, որ մեր կուսակցութեան Հալէպի շրջանի ընկերները միշտ մնացին պատնէշի վրայ, ի գին ամէն զոհողութեան բաց պահելով ազգային դարբնոց` Կիլիկեան վարժարանի դռները, թէկուզ այլ շէնքի մէջ եւ գործօն մասնակցութիւն բերելով ՚Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնիՙ աշխատանքներուն:

– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն վերջերս ստորագրուած  համաձայնագիրը: Արդեօ՞ք այս համաձայնութիւնը ձեւով մը կը վնասէ Հայաստանի քաղաքական արեւելումին եւ Ռուսիոյ հետ իր ռազմավարական համագործակցութեան:
– Երկու յաջորդական համագումարներուն ալ  մեր Կուսակցութիւնը  այս առումով իր  դրական դիրքորոշումը պարզած էր: Առաջին հերթին 20-րդ համագումարին կոչ ընելով Հայաստանի իշխանութիւններուն` շարունակել  բանակցութիւնները եւրոպական ընտանիքին հետ  եւ մշակել ու ծաւալել այդ կապը: Այս համագումարին ալ նոյն շեշտադրումը եղաւ` մանաւանդ այն տեղեկութեան հիման վրայ, որ համաձայնագիրը  մօտ օրէն պիտի կնքուէր: Ինչպէս նկատեցիք,  կուսակցութեանս Կեդրոնական Վարչութիւնը  այդ համաձայնագրի ստորագրման օրն  իսկ հրապարակեց յայտարարութիւն, ուր շատ յստակօրէն կ’ողջունէր այդ  քայլը եւ դրական ձեւով կը գնահատէր տեղի ունեցածը:

Մենք կը հաւատանք, որ Ռուսաստանի հետ մեր սերտ յարաբերութիւնները պէտք չէ խոչընդոտեն Արեւմուտքի հետ  սերտ կապեր ունենալուն: Մեր պետական  շահը կը պահանջէ, որ մեզի  գործակից երկիրներու թիւը աւելնայ այլ ոչ թէ արհեստականօրէն պակսի: Վերջ ի վերջոյ, մենք մասնիկն են Եւրոպայի եւ եթէ այս համաձայնագիրը մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ տնտեսական եւ այլ առումներով բարելաւելու մեր  երկրի վիճակը ապա առաւել եւս կողմնակից ենք անոր:

Անշուշտ մենք պէտք է նկատի առնենք մեր ռազմավարական դաշնակիցի  մտահոգութիւնները, բայց միեւնոյն ժամանակ միշտ գերիվեր պէտք է  ըլլայ մեր պետական շահը, որովհետեւ նոյն Ռուսաստանը, որ մեր ռազմավարական դաշնակիցն  է, անկաշկանդ ձեւով մեր թշնամիին զէնք կը վաճառէ եւ այդ զէնքեր, հակառակ  այն պնդումին, որ մեր դէմ պիտի չգործածուի` գիտենք որ կը գործածուին:

– Շատ խօսուեցաւ Համահայկական խորհուրդի մասին, սակայն այդ առումով ցարդ գործնական քայլեր չկան, կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ Մայիսին, Հայաստանի մէջ, այդ խորհուրդի առաջին նիստը իրականացուի. Ի՞նչ գնահատականներ ունիք որպէս Կուսակցութիւն, տրուած ըլլալով որ դուք ալ որպէս կուսակցապետ մասնակցած էիք Սփիւռք-Հայաստան վեցերորդ համաժողովի ծիրին մէջ եղած եւ այդ թեմային յատկացուած փակ նիստերուն:
– Առաջին առիթով նշենք, որ մենք միշտ դրական արտայայտուած ենք այդ մասին, ինչու չէ նաեւ  նման խորհուրդի մը ստեղծման առաջարկ մեր կողմէ հնչած է Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովին: Անշուշտ առաջինը  չենք, որ այդպիսի գաղափարի մը մասին խօսած ենք, բայց գոնէ այդ համաժողովի ծիրէն ներս մեր կողմէ հնչեց առաջարկ, որ ստեղծուի Հայաստան-Սփիւռք  յարաբերութիւնները կարգաւորող եւ համազգային կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ ռազմավարութիւն մշակող մշտական մարմին մը: Մենք կը հաւատանք, որ  առկայ շարք մը համահայկական տարողութիւն ունեցող խնդիրներ, համագործակցութեան, համատեղ եւ ընդհանուր հայեցակարգով առաջնորդուելու հրամայականը ունին, ինչպիսիք են օրինակ`  Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, կամ ինչպէս վերը նշեցինք, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ` միջազգային հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքարի աշխատանքները:   Յարգելով հանդերձ այդ խորհուրդի կազմութեան վերաբերեալ հնչող մտահոգութիւններն ու  վերապահութիւնները,  մենք համոզուած ենք, որ  միայն ընդհանուր հայեցակարգ ստեղծելով ու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու ճիշդ բաշխում կատարելով է, որ կը կարողանանք արդիւնաւէտ կերպով լուծել համազգային խնդիրները:

– Հայաստանի  մամուլը տարբեր առիթներով  եւ շատ  յաճախ անհիմն ու ցեխարձակման ոճով տեղեկութիւններ կը տարածէ Հնչակեան կուսակցութենէն ներս առկայ խնդիրներու, պառակտումներու եւ այլ տիպի բամբասանքներու մասին. Ի՞նչ կ’ուզէք ըսել այս առումով:
– Հայաստանեան մամուլի համար սա նորութիւն չէ եւ մենք միակը չենք, որ  նման վերաբերմունքի կ’արժանանանք: Կարգ  մը  լրատուամիջոցներ    զգայացունց համարուած  լուր կամ յօդուած մը տալու մարմաջով` չհիմնաւորուած, երրորդական կամ չորրորդական աղբիւրներէ առնուած տեղեկութիւններ կը տարածեն: Կուսակցութիւնը 130-ամեայ իր գործունէութեան ընթացքին նման եւ շատ աւելի լուրջ իրավիճակներէ  անցած է եւ եթէ մենք նման լուրերու կամ ցեխարձակումներու պատասխանէինք եւ զգայուն ըլլայինքª կը կարծեմ, որ կուսակցութիւնը շատոնց դադրած կ’ըլլար գործելէ:

Անշուշտ հաճելի չէ տեսնել, մանաւանդ զրպարտութիւններ եւ անհիմն տեղեկութիւններ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը հասկնանք, որ ինչպիսի պայմաններ են ընդհանրապէս, ոչ միայն Հայաստանի, այլ` ամբողջ աշխարհի  մէջ, մանաւանդ ընկերային   ցանցերու  (social media)  վրայ: Գիտենք նաեւ, որ կան մարդիկ , որոնք ինչ-ինչ  շահեր հետապնդելով    անանուն  ու  քօղարկուած կերպով    «Մրոտելու» աշխատանքին լծուած են:   Այս բոլորը կան, սակայն   ասոնց դիմաց  կայ հաւատարիմ ու կարգապահ  կուսակցական  շարք ու մեր կուսակցութեան  կարեւոր  ներուժ  համարուող  հազարաւոր համակիրներուն նեցուկն ու զօրակցութիւնը:

– Այլ ըսելիքներ կա՞ն մեր ընթերցողներուն:
– Առաջին հերթին նկատի ունենալով, որ տօնական օրեր են, կը շնորհաւորեմ բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը մաղթելով, որ  2018 թուականը աւելի լաւ, աւելի ապահով ու խաղաղ տարի մը կ’ըլլայ բոլորիս համար, նամանաւանդ հայ քաջարի զինուորին համար, որ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները կը պաշտպանէ:

Հարցազրոյցը վարեց ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment