Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ 21-րդ Համագումարի Հետքերով

ՍԴՀԿ 21-րդ Համագումարի Հետքերով

by MassisPost

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Անցնող  տարուայ մեր ազգային ու քաղաքական  կեանքի  վերաքաղը ընելով յատկանշական իրադարձութիւններէն  մին էր նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 21-րդ Համագումարի քաղաքամայր Երեւանի մէջ կայացումը` Հայաստանէն ու աշխարհի տարբեր կողմերէն  լիազօրուած պատգամաւորներու մասնակցութեամբ:

Հնչակեան Կուսակցութեան  համար համագումարները  կը հանդիսանան այն գերագոյն ժողովները, որոնց ընթացքին կը քննարկուին այն բոլոր հարցերը,  կը լուծուին  բոլոր  վէճերը եւ ապա կ’որդեգրուին  բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին ներքին կազմակերպչական հարցերուն, կուսակցութեան դաւանանքներուն, սկզբունքային կեցուածքներուն ու ռազմավարութեան,   դառնալով ուղեցոյց յառաջիկայ հանգրուանին համար:

Վերջին տասնամեակներուն  ՍԴՀԿ համագումարները տեղի կ’ունենան ճիշդ ժամանակին` չորս տարուայ հերթականութեամբ: Այս պարագան կու գայ հաստատելու Կուսակցութեան կենսունակութիւնն ու կանոնագրութեամբ նախատեսուած ժամկէտներուն կառչելու նախանձախնդրութիւնը, որ անհրաժեշտ նախադրեալներէն  մին կը հանդիսանայ, որպէս առողջ ու կազմակերպուած միաւոր հանդէս գալու եւ իր առաքելութեան հաւատարիմ գործունէութիւն ծաւալելու առումով` Հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:

Կարեւոր  էր  նաեւ, որ Համագումարը յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենար հայրենի հողին վրայ: Իր պատմութեան ընթացքին` 1995 թուականին առաջին անգամ ըլլալով Հնչակեան համագումար տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր որոշում առնուեցաւ այնուհետեւ Համագումարները կայացնել Հայաստանի մէջ, մինչեւ այն ատեն երբ չկան քաղաքական արգելքներ: Դժբախտաբար, այդ թուականին յաջորդեցին Քոչարեանի դժուար տարիները եւ յաջորդ երկու Համագումարները դարձեալ տեղի ունեցան արտասահմանի մէջ:

Այժմ անդրադառնալով Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն ու առնուած որոշումներուն պէտք է արձանագրել որ, անոնք ընդհանրապէս կը վերաբերէին Հայաստանի ու աշխարհացրիւ հայութեան առջեւ ծառացած այժմու կարեւորագոյն հարցերուն,   դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ապագայի հեռանկարներուն:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ճշդելով իր առաջնահերթութիւնները, վերահաստատեց որ  յառաջիկային նոյնպէս  պէտք է շարունակէ իր կազմակերպչական, քաղաքական ու տնտեսական  ներուժը ուղղել դէպի Մայր Հայրենիք: Հայաստանի հզօրացումը միակ գրաւականն է մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանքներու ծաւալման գծով: Մեր ժողովուրդի այս  երկու հատուածներուն միջեւ  սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր հրամայական պահանջ է մեր ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն` քաղաքական կուսակցութիւններուն, ազգային, կրօնական, բարեսիրական  կազմակերպութիւններուն ու նաեւ անկախ մասնագէտներու միացեալ ջանքերով:

Վերոյիշեալ նպատակներու իրագործման ճամբուն ներկայ ժամանակաշրջանի գլխաւոր խոչընդոտ կը հանդիսանայ երկրէն տակաւ շարունակուող արտագաղթը: Համագումարը արձանագրեց որ, Հայաստանի բնակչութեան ստուար մասը, տիրող ընկերային անարդարութեան պատճառով կ’ապրի  տնտեսապէս անբաւարար վիճակներու մէջ, ինչ որ կը  համարուի  արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որու կասեցումը ազգային առաջնահերթութիւն է:

Համագումարը գտաւ նաեւ որ, Հայաստանէն ներս քաղաքական դաշտը վատառողջ  է եւ չեն գործեր  արդար մրցակցութեան պայմանները: Այս հանգամանքը եւ ընկերային արդարութեան բացակայութեան  պայմաններուն տակ, հակառակ  որոշակի յառաջընթացի, Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս  տակաւին ապահովուած չէ օրէնքի լիակատար գերակայութիւնը:

Մրցակցութեան Համահաւասար պայմաններու  եւ արդար դատարաններու բացակայութիւնը այն երկու գլխաւոր խոչընդոտներն են, որոնք չեն խրախուսեր ու ընդհակառակը կը  սահմանափակեն սփիւռքահայ մեծ ու փոքր ներդրումներու հոսքը դէպի Հայաստան:

Անդրադարձ կատարելով արտաքին քաղաքականութեան  Համագումարը գտաւ որ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վարէ տարածաշրջանային  աշխարհաքաղաքական  իրավիճակներէն թելադրուած արտաքին քաղաքականութիւն: Այս ուղղութեամբ ժողովականները  դրական  նկատեցին  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը, նաեւ  շեշտեցին որ  երկրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է շարունակէ  մնալ  Եւրամիութեան հետ ընդլայնուած համագործակցութիւնը: Այդ Համաձայնագիրը իրականութիւն դարձաւ արդէն, երբ Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը Նոյեմբերին ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր մը:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով պէտք է արձանագրել որ, ՍԴՀԿ դէմ է  ու անհեռատես քայլ կը նկատէ նախկին խորհրդային միութեան կարգ մը երկիրները ընդգրկող`  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կազմէն դուրս գալու գծով կոչերը: Եւրոպայի հետ կապերու սերտացումը հակադրելով անմիջական միջավայրին` յատկապէս Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն,  մեծապէս կը վնասեն Հայաստանի տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն, նկատի առնելով այն միջավայրը, որուն մէջ կ’ապրինք այսօր  եւ  ուր կարեւորագոյն հարցը  կը հանդիսանայ մեր երկրի անվտանգութիւնը:

Հայ ժողովուրդի եւ Հնչակեան կուսակցութեան համար Արցախի հիմնախնդիրը կը մնայ  առանցքային  կարեւորութիւն ունեցող հարց: Այս կապակցութեամբ  շեշտուեցաւ, որ  բոլոր հնարաւորութիւններով պէտք է  ընդդիմանալ  ատրպէյճանական  ամէն  տեսակի ոտնձգութիւններուն, ըլլան  անոնք ռազմական, քաղաքական, քարոզչական, թէ տնտեսական:

Համագումարը գտաւ որ, Արցախի հարցը  կարելի  չէ լուծել ռազմական ճանապարհով, այլ միայն ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքի եւ  իրաւահաւասար բանակցութիւնների արդիւնքով ձեւաւորած բանաձեւերու հիման վրայ: Վերահաստատուեցաւ նաեւ անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը, Արցախի ներկայացուցիչներու   բանակցային սեղան վերադարձին, որմէ դուրս մղուած էին Հայաստանի օրուայ ղեկավարներու  անհեռատես քաղաքականութեան պատճառաւ` այդպիսով   Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը  վերածելով Հայաստան-Ատրպէյճան հողային կռիւի:

Միջազգային հարթակներու վրայ  Արցախի Հանրապետութեան  աւելի լայն ճանաչում ապահովելու ուղղուած  ջանքերուն գծով ժողովականները  արձանագրեցին  Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող մեր  միաւորներու  տարած աշխատանքը, որ արժանացած  էր  Արցախի  ղեկավարութեան  կողմէ արժանի գնահատանքի:

Բաւական լայն քննարկման արժանացաւ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու կնճռոտ  հարցը: Վերջին տարիներուն Կուսակցութեան  ներկայացուցիչները  իրենց փոխադարձ  այցելութիւններով  կապեր հաստատած  էին  թրքական  յառաջդիմական կազմակերպութիւններու եւ անհատ մտաւորականներու հետ: Արդիւնքը եղած էր այն, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած  էր  Հնչակեան Քսան Կախաղաններու տարելիցին նուիրուած նշումներ: Նաեւ`  թրքերէն լեզուով հրատարակուած էին   մեծանուն յեղափոխական` Փարամազի  կեանքին ու  գործունէութեան նուիրուած գիրքեր, առիթ  տալով թուրք  հասարակութեան  ծանօթանալու Հնչակեան  Կուսակցութեան  հետապնդած համամարդկային նպատակներուն:

Համագումարը  վերահաստատեց որ, ՍԴՀԿ-ի գործիչները կարող  են շարունակել իրենց քաղաքական փոխյարաբերութիւնը թրքական առաջադէմ ձախակողմեան կուսակցութիւններու եւ անհատներու  հետ, իբրեւ  նախապայման  նկատելով   անոնց կողմէ  Հայոց  ցեղասպանութեան անվերապահ ընդունման փաստը:

Անկախութենէն 26 տարիներ ետք Հայաստանի մէջ  կուսակցութիւնները  կը մնան  չկայացած: Հանրապետական կուսակցութիւնը   իր ձեռքերուն  մէջ կը պահէ երկրի բոլոր լծակները  ու զանոնք կ’օգտագործէ ընտրութիւններ կեղծելու եւ իշխանութիւնը պահելու նպատակով: Հակառակ այս  դժուարութիւններուն, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը պիտի  շարունակէ իր գործունէութիւնը  Հայաստանի մէջ` որպէս անկախ քաղաքական  միաւոր, իրեն վերապահելով  իրաւունքը համագործակցելու բոլոր այն քաղաքական կազմակերպութիւնների հետ, որոնք կ’ընդունին Կուսակցութեան սկզբունքներն ու գաղափարախօսական դրոյթները, յատկապէս, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային  արդարութեան հասնելու նպատակով:

Վերջապէս,  ՍԴՀԿ 21-րդ Համագումարի  ուշագրաւ  երեւոյթներէն մին  էր  մեծ  թիւով երիտասարդ տարրերու մասնակցութիւնը ժողովին: Նախորդ Համագումարներու ընթացքին առնուած որոշումներն ու ձեռնարկուած քայլերը` Կուսակցութեան երիտասարդականացման ու սերնդափոխութեան  նպատակով, տուած էին իրենց դրական արդիւնքները: Համագումարի աւարտին ընտրուած նոր  Կեդրոնական Վարչութիւնը եկաւ արտացոլացնելու այս իրողութիւնը ու պատգամաւորները բաժնուեցան  իրարմէ, նոր թափով աշխատանքի լծուելու խոստումով` իր փառս Հայ ժողովուրդի ու հայրենիքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment