Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ժողովրդային Շքեղ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 26րդ Տարեդարձը

Ժողովրդային Շքեղ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 26րդ Տարեդարձը

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի, Սեպտեմբերի 17ին հազարաւոր հայեր փութացած էին Կլենտէյլի «Վերտիւկօ Փարք » զբօսայգին, մասնակցելու համար Հայաստանի Անկախութեան 26րդ տարեդարձին նուիրուած ժողովրդային շքեղ փառատօնին:

Արդարեւ, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը գեղեցիկ աւանդութիւն մը ստեղծած էր 19րդ տարին ըլլալով, կազմակերպելու իր տեսակին մէջ մեր գաղութի միակ միջոցառումը, ստեղծելով արտակարգ ոգեւորութիւն ժողովրդային լայն շրջանակներու մէջ: Բառին բովանդակ իմաստով իսկական տօնախմբուին մըն էր, հայրենաբաղձ սիրտով այս հիւրընկալ ափերուն վրայ ապաստան գտած մեր ազգակիցներուն համար:

Ամբողջ օրը զբօսայգին կարծէք ուխտատեղի մը եղած էր, կամ փոքրիկ Հայաստան մը: Ամենուրեք ակներեւ էին տօնական մթնոլորտ ստեղծող զանազան երեւոյթներ եւ յարմարութիւններ ամէն տարիքի այցելուներուն համար:

Տասնեակ մը գունագեղ տաղաւարներու մէջ վաճառքի եւ ցուցադրութեան դրուած էին այլազան իրեղէններ, յուշանուէրներ, հայաստանեան եւ ղարաբաղեան արտադրութիւններ, գորգեր, զարդեղէններ, ուտելիք եւ այլն: Առանձնապէս ուշագրաւ էին հայկական համադամ ճաշերու եւ մանկապատանեկան ժամանցի խաղերու տաղաւարները: Մէկ խօսքով համատարած հայաբոյր մթնոլորտ մը գեղատեսիլ պուրակին մէջ, լի երգով ու երաժշտութեամբ:

Այս առթիւ գործադրուեցաւ օրուան տօնախմբութեան պատշաճ յայտագիր մը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անդամներէն Անի Մարսէլեան, մէջ ընդ մէջ արտասանելով նաեւ Հայաստանին նուիրուած անուանի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ Մարմնի` Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան հրաւիրեց ժողովուրդը յոտնկայս ունկնդրելու ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ան խնդրեց ժողովուրդէն  մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել  նախորդ փառատօնին գլխաւոր կազմակերպիչներէն` Կէրի Սինանեանի յիշատակը, անոր վաղահաս մահուան առթիւ, որ 18 տարիներ շարունակ անձնուէր եւ բծախնդիր աշխատանքով մեծ աւանդ ունեցած էր փառատօնի կազմակերպման եւ արձանագրած յաջողութեանց մէջ: Ապա իր բացման խօսքին մէջ ան ողջունեց ներկայ բազմահազար հայութիւնը եւ Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ Մայր Հայրենիքի ժողովուրդին:

Ողջոյնի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան Գալիֆորնիոյ նահանգային Խորհրդարանի անդամ Լաուրա Ֆրիտման, ծերակուտական Անթոնիօ Փորթանթինօ, որ այս առթիւ հռչակագիրներ յանձնեց «Կայծ » Երիտասարդաց Միութեան, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդին եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, ԱՄՆ-ի գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարիա Յովակիմեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան, քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաճանեան եւ Փաուլա Տիվան, Լոս Անճելոսի քաղաքական Խորհուրդի անդամ Մոնիգա Ռոտրիկէզի անունով ելոյթ ունեցաւ Քրիսթին Ճէրեանը եւ հռչակագիր մը յանձնեց ՆՍՄՄ-ին: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Լոս Անճելսի գաւառի վերակացուներու եւ Ուսումնական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները որոնք իրենց բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին ներկայ հասարակութեան: Հիւրերը ներկայացնողն էր ՀԱԽ-ի անդամ Քրիսթին Աղախանին:

Փառատօնի առթած խանդավառ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագրի գործադրութեամբ: Յաջորդաբար իրենց ելոյթներով ներկաները ոգեւորեցին ջութակահար Մերուժան Մարգարեանը, «Լիլիա» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար Լիլիա Մարգարեան), Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը (գեղ. ղեկավար Վարդուհի Մինասեան), երգիչներ` Վարդան Քայմազեան, Արա Շահպազեան, Անդրանիկ Յակոբեան, Արման Ղազարեան եւ Արթիւր Յակոբեան, (Mr. X): Երգեհոնահարª Աշոտ Սարգիսեան:

Աւարտին ազգային եւ հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Առնօ Մկրտիչեան:

Ուշ երեկոյեան ներկաները զբօսայգիէն բաժնուեցան հայրենական գեղեցիկ եւ յիշատակելի օրուան մը լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment