Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հէնրիխ Մխիթարեան Պատմութիւն կը Կերտէ. Մանչըսթըր Եունայթտ Եւրոպական Լիկայի Ախոյեան

Հէնրիխ Մխիթարեան Պատմութիւն կը Կերտէ. Մանչըսթըր Եունայթտ Եւրոպական Լիկայի Ախոյեան

by MassisPost

Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:

Մրցումին հաշիւը 18-րդ վայրկեանին բացաւ Փոլ Փոկպա եւ անոր կազմը` Եունայթըտ, Ա. կիսախաղը աւարտեց 1-0 արդիւնքով:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած եւ անկէ երեք վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան բացառիկ եւ սքանչելի շրջադարձ կոլով մը պարտութեան մատնեց Այաքսի բերդապահ Անտրէ Օնանան:

Մխիթարեան, որ 31-րդ վայրկեանին ստացաւ դեղին քարտ մը, մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ մասնակցեցաւ: Ան 74-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Ճես Լինիարտով:

Նշենք, որ այսպիսով Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը (այս պարագային` «Եուրոփա լիկ») աւարտականին եւ աւելի՛ն, ան նոյնիսկ յաջողեցաւ աւարտական մրցումին կոլ ալ նշանակել:

Օրուան իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):

Այսպիսով, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցաշարքի տիտղոսին, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (խմբակներու դրութեամբ)ManU-Aja4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment