Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հազարաւոր Քաղաքացիներ Քուէարկած են «Օգնողներու Միջոցով», Կ’ահազանգէ Դիտորդը

Հազարաւոր Քաղաքացիներ Քուէարկած են «Օգնողներու Միջոցով», Կ’ահազանգէ Դիտորդը

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանի պնդմամբ, ամէն ինչ կատարուած է օրէնքի սահմաններուն մէջ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկութեան մասնակցած 1,5 միլիոն ընտրողներէն գրեթէ 75 հազարը քուէարկած է, օգնողի միջոցով, յայտարարած է քուէարկութիւնը դիտարկած «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանը:

Անոր շեշտմամբ, այդ թիւը կ’արտացոլէ միայն ընտրողներու մատեաններուն մէջ գրանցուած դէպքերը, մինչդեռ, իրենք նկատած են բազմաթիւ այլ օգնողներ, որոնք առանց գրանցուելու պարզապէս ընտրողի հետ քուէախցիկ մտած են: Դանիէլ Իոաննիսեանի խօսքով,  այդ պատճառով ալ օգնողի միջոցով քուէարկելու դէպքերը ամենաշատը Երեւանի մէջ գրանցուած են, քանի որ մայրաքաղաքի մէջ դիտորդները աւելի հետեւողական եղած են քուէախցիկ մտնող կողմնակի անձեր նկատելու եւ գրանցելու առումով:

Անոր կարծիքով, օգնողներու այդչափ մեծ թիւը կը վկայէ «վերահսկուող քուէարկութեան» մասին:

«Առհասարակ, 227 տեղամասերում օգնողներով քուէարկութիւնները կազմել են 10 տոկոսից աւելի: 23 տեղամասերում՝ 20 տոկոսից աւելի: Թիւով 4 տեղամասերում այդ թիւը գերազանցել է 30 տոկոսը, համարեայ ամէն երրորդը: Սա բաւական մտահոգիչ է»,- ըսած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը:

Դանիէլ Իոաննիսեանը, որ նաեւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները դիտարկած է, ըսած է, որ նոյն երեւոյթը նկատած են նաեւ  14 մայիսին կայացած քուէարկութեան ժամանակ: Այդ ընտրութիւններուն վերաբերող տուեալներ ստանալու համար եւս մտադիր են դիմել ԿԸՀ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը, մինչդեռ, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ ամէն ինչ կատարուած է օրէնքի սահմաններուն մէջ․ թիւերը արտառոց չեն, վերահսկուող քուէարկութեան մասին պնդումներ ընելու համար ալ «նախ պէտք է ապացոյցներ ունենալ»:

Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեանը, մինչդեռ, կը կարծէ, որ հրապարակուած ցուցանիշը «մտահոգիչ է» ու «կասկած է առաջացնում», որ քուէարկութիւնը ուղղորդուած եղած է: Ընդդիմադիր պատգամաւորը ըսած է, որ յառաջիկային պիտի փորձեն օրէնսդրական փոփոխութիւններով այդ հարցը կարգաւորել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment