Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թոմաս Տը Վալը Ապագային Ատրպէյճանին Մաս Կազմող Լեռնային Ղարաբաղ Չի Տեսներ

Թոմաս Տը Վալը Ապագային Ատրպէյճանին Մաս Կազմող Լեռնային Ղարաբաղ Չի Տեսներ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ նոր ռազմական գործողութիւնները կողմերուն համար անակնկալ չեն ըլլար. ապրիլեան պատերազմէն ետք երկու կողմերն ալ լաւ պաշտպանուած են, եւ ռազմական գործողութիւններու պարագային՝ այս անգամ աւելի մեծ շարժում պիտի ըլլայ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է կովկասեան հարցերով բրիտանացի փորձագէտ Թոմաս տը Վալ:

«2016 թուականը շատ վտանգաւոր տարի էր: Իրավիճակի լարման հաւանականութիւն դեռ կայ, ամէն պարագայի այս տարին կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ նոր սպառազինութիւններու գործադրման տեսանկիւնէն: Հետեւաբար, մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծենք, որ դիւանագիտութեան այլընտրանք չկայ»,-­ ըսած է Թոմաս տը Վալ:

Անոր խօսքով, կարեւոր է միջազգային դիւանագիտութեան բաւարար չափով ներգրաւուածութիւն: Թոմաս տը Վալի կարծիքով, անհրաժեշտ է լուրջ դերակատար, որ յանձնառու պիտի ըլլայ այս աշխատանքի իրականացման համար: Ան ընդգծած է, որ այսօր հիմնական խնդիրը ԵԱՀԿ Մինսքի ձեւաչափի ամրապնդումն է:

«Պէտք է սկսիլ վերանայիլ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, եթէ չենք ուզեր, որ հակամարտութիւնը վերսկսի: Միայն Ռուսիան չէ, որ պէտք է խնդիրը լուծէ, եռակողմ ձեւաչափը շատ կարեւոր է ԱՄՆ-­ի, Ֆրանսայի համար: Ասիկա հնարաւորութիւն մըն է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը  արդիւնաւէտ համագործակցին»,- ըսած է ան:

Թոմաս տը Վալ նշած է, որ Ատրպէյճանը բաց չէ հրապարակային տեսակէտներ ներկայացնելու տեսանկիւնէն: Տեսանելի են յատկապէս պաշտօնական կարծիքները: Անոր խօսքով, ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի մէջ մարդիկ իրենց տուներուն մէջ, բարեկամական միջավայրի մէջ կը խօսին այն մասին, որ չեն ուզեր իրենց որդիները սպաննուին:

«Հասարակութիւնը պէտք է հասկնայ, որ քաղաքական բանակցութիւնը լաւագոյն գործիքն է հակամարտութիւնը կարգաւորելու ճանապարհին: Ակնյայտ է, որ Ղարաբաղը ի վերջոյ պիտի ունենայ որեւէ կարգավիճակ: Երբ ես կը խօսիմ ինքնիշխանութեան մասին, ես նկատի ունիմ անկախութիւն կամ համադաշնութեան կարգավիճակ, Ատրպէյճանի հետ միասին: Բայց ես չեմ խօսիր Ատրպէյճանի կազմին մասին, չեմ կարծեր, որ մենք ապագային պիտի տեսնենք Լեռնային Ղարաբաղ, որ Ատրպէյճանի մաս է: Չեմ կարծեր ատիկա տեղի պիտի ունենայ, թոյլ տուէք յստակ նշել ատիկա»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment