Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգուած են Ընտրողներու Ահաբեկման, Քուէներ Գնելու Փորձերեն

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգուած են Ընտրողներու Ահաբեկման, Քուէներ Գնելու Փորձերեն

by MassisPost

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Եւրոպական միութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան եւ Մեծ Բրիտանիան ընտրական գործընթացներու հետ կապուած Հայաստանին նշանակալի ֆինանսական ու թեխնիկական օժանդակութիւն  ապահոված են, այդ շարքին՝ սարքաւորումներ, որոնք կ’օգնեն  ազատ ու արդարացի խորհրդարանական ընտրութիւններու անցկացման՝ 2 Ապրիլին: Մենք գոհ ենք կիրակի օր կայանալիք ընտրութիւններու համար նախատեսուած ընտրողներու նոյնականացման սարքաւորումներու վերջին փորձարկումներու արդիւնքներէն: Կ’ուզենք գովեստով նշել Հայաստանի ընտրական գործընթացներուն աջակցելու այս ծրագրի  շրջանակէն ներս Հայաստանի կառավարութեան յանձնառու աշխատանքը եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի կողմէ անոր արդիւնաւէտ իրականացումը՝ խիստ սեղմ ժամկէտներու մէջ:

Մենք խորապէս հաւատացած ենք, որ այս քայլերը կը նուազեցնեն քուէարկութեան օրը կեղծիքներ թոյլ տալու հաւանականութիւնը եւ կը սահմանափակեն ընտրական գործընթացներուն միտուած միջամտութիւնները տեղամասերէն ներս: Մենք յստակ կը փաստենք, որ քուէարկութիւնը պիտի ըլլայ փակ եւ  տեղամասերուն մէջ տեղակայուած նոյնականացման սարքաւորումներն ու տեսախցիկները նախատեսուած չեն արձանագրելու ընտրողի քուէն: Մենք կ’ողջունենք ու կը պաշտպանենք վստահելի տեղական ու միջազգային դիտորդական նախաձեռնութիւնները, որոնց միջոցաւ Հայաստանի գրեթէ բոլոր 2009 տեղամասերէն ներս կապահովուի դիտորդական ներկայութիւն՝ նպատակ ունենալով ապահովել ընտրութիւններու անցկացման վերաբերեալ հաւասարակշռուած եւ առարկայական վերլուծութիւններ:

Հարկ է նշել, որ 2 Ապրիլի ընտրութիւններուն վերաբերեալ մեր գնահատականը պիտի չսահմանափակուի միայն քուէարկութեան օրը իրականացուած ընտրական ընթացակարգերու դիտարկմամբ: Մենք տեղեակ ենք եւ մեզ կը մտահոգեն ընտրողներու ահաբեկման, քուէներ գնելու փորձերու ու որոշ մրցակցող ուժերու օգնելու նպատակով վարչական միջոցներու  համակարգային կիրառման մասին պնդումները: Մենք կը շարունակենք յորդորել ընտրութիւններուն մասնակից բոլոր կողմերուն հաւատարիմ ըլլալ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան տառին ու ոգիին եւ կոչ կ’ընենք համապատասխան իրաւապահ կառոյցներուն ու ընտրական կառոյցներուն անկողմնակալ ու համոզիչ կերպով իրականացնել գործող օրէնքները:

Յոյսով ենք, որ ընտրութիւններու անմիջական արդիւնքները ճանապարհ կը հարթեն դէպի բարեկեցութիւն, խաղաղութիւն եւ առաջընթաց: Հայաստանի ժողովուրդը արժանի է ատոր:

ԵՄ Պատուիրակութիւն Հայաստանի մէջ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment