Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփիզմի Դարաշրջանը Կը Մօտենայ Իր Աւարտին

Թրամփիզմի Դարաշրջանը Կը Մօտենայ Իր Աւարտին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքները ոչ միայն ջախջախիչ պարտութիւն էին Հանրապետական կուսակցութեան համար, այլեւ ամբողջական մերժում՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգին ու իր ղեկավարած քաղաքական շարժումին, որ հրապարակ եկած էր Ամերիկան իր «փառքի օրերուն» վերադարձնելու կարգախօսով եւ յաջողած էր Թրամփը երկու անգամ հասցնել Սպիտակ Տուն:

Թէեւ նախագահը կը մերժէ ընդունիլ իր անձնական պարտութիւնը, սակայն բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ ժողովուրդը քուէարկած է ընդդէմ Թրամփին եւ ոչ թէ ի նպաստ Դեմոկրատներուն: Այսպէս կոչուած «կարմիր նահանգները», որոնք տասնամեակներէ ի վեր եղած էին Հանրապետականներու միջնաբերդերը եւ ուր, երկու կարճ տարիներ առաջ, Թրամփ յաղթած էր 10 կամ 20 տոկոս առաւելութեամբ, այս անգամ բոլորովին տարբեր պատկեր մը ներկայացուցին։

Ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառները տարբեր էին, սակայն բոլորը կեդրոնացած էին Թրամփի՝ իր խոստումները չկատարելուն եւ ցուցաբերած վարքագիծին վրայ, որոնք պատճառ դարձած էին ժողովրդային մեծ յուսախաբութեան: Տնտեսական հարցերը, Իրանի դէմ պատերազմը, իր եւ ընտանիքի անդամներուն կողմէ նիւթական չարաշահումները, ինչպէս նաեւ գաղթականներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը եղան այն գլխաւոր ազդակները, որոնք տարբեր խաւերու պատկանող քաղաքացիներու մօտ յառաջացուցին դժգոհութեան մեծ ալիք:

Թրամփ, անտեսելով քաղաքացիներու առօրեայ հոգերը եւ գիներու սղութեան հետեւանքով անոնց կրած զրկանքները, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Սպիտակ Տան մէկ մասը քանդելու եւ հոն պարահանդէսի սրահ կառուցելու, պետական յայտնի կառոյցները իր անունով կոչելու, մայրաքաղաքի արտացոլող աւազանը նորոգելու եւ երկրորդական այլ հարցերու վրայ։

Ապագայ պատմաբանը պիտի արձանագրէ, որ Թրամփի անկումին գլխաւոր պատճառը հանդիսացաւ Իրանի դէմ սկսած պատերազմը, ուր անոր ղեկավարած վարչակազմը ո՛չ յաղթելու, ո՛չ ալ պատերազմէն դուրս գալու ծրագիր ունեցած է:

Նոյեմբեր 3-ի ընտրութիւններուն ընթացքին Հանրապետական կուսակցութիւնը Քոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ ալ կորսնցուց մեծ թիւով աթոռներ եւ այդպիսով օրէնսդիր իշխանութիւնը անցաւ Դեմոկրատներուն ձեռքը, որոնք պիտի փորձեն Թրամփի նախագահութեան վերջին երկու տարիներուն զսպել անոր սանձարձակ եւ յաճախ ապօրինի գործողութիւնները: Իր կարգին, Թրամփ պիտի փորձէ օգտագործել իր վեթոյի իրաւունքը՝ Դեմոկրատներու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու համար: Սակայն նախագահը պիտի չկարենայ կասեցնել Քոնկրէսէն ներս սպասուող հարցաքննութիւնները եւ վարչակազմի անդամներուն նկատմամբ վերահսկողութիւնը:

Մինչեւ վերջերս քաղաքական շրջանակներուն մօտ քննարկման նիւթ էր, թէ ո՞վ պիտի դառնար Թրամփի քաղաքական ժառանգորդը եւ պիտի գար գլխաւորելու անոր ղեկավարած «ՄԱԿԱ» շարժումը: Սակայն այս ընտրութիւնները մահացու հարուած հասցուցին այդ շարժումին: Բոլոր այն քոնկրէսականները, որոնք կը վայելէին անոնց հովանաւորութիւնը, պարտութիւն կրելով պիտի հեռանան քաղաքական դաշտէն: Ծերակոյտի բոլոր այն թեկնածուները, որոնք անձամբ Թրամփի կողմէ առաջադրուած էին, առանց բացառութեան պարտուեցան այս ընտրութիւններուն:

Թրամփիզմը աղէտ էր Ամերիկայի համար: Ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը ծանր հարուած կրեցին, խախտուեցաւ ընտրական գործընթացներու նկատմամբ վստահութիւնը, իսկ նախագահական մակարդակի չարաշահումները սովորական երեւոյթ դարձան: Յառաջիկայ երկու տարիներուն Թրամփ պիտի փորձէ կենդանի պահել իր շարժումը, սակայն անոր անկումը արդէն իսկ սկսած է, եւ Թրամփիզմի դարաշրջանը կը մօտենայ իր աւարտին:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment