Հայաստանի նպատակներուն մէջ չի մտներ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզումը, կամ վատթարացումը. ընդհակառակը՝ պէտք է զանոնք աւելի զարգացնել։ Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Radio France International-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը կը փորձէ նուազեցնել Ռուսաստանէն տնտեսական կախուածութիւնը։ Վարչապետը նաեւ յաւելած է՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները չեն կրնար ըլլալ նախկինին նման, քանի որ այն ժամանակ Ատրպէյճանի հետ կար հակամարտութիւն, իսկ այժմ առկայ է խաղաղութիւն։
«Մենք ուզում ենք մեր անկախութիւնն ուժեղացնել, ամրապնդել եւ զարգացնել։ Դա է պատճառը, որ մենք որդեգրել ենք հաւասարակաշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն։ Մենք ցանկանում ենք, որ մեր տնտեսվարողներն արտահանման եւ ներմուծման առումով ունենան այլընտրանքներ։ Օրինակ՝ նախկինում Հայաստան պենզինի եւ նաւթամթերքի ներմուծման շուկան շատ կեդրոնացած էր։ Արտաքին միջավայրի փոփոխութեան հետեւանքով մեծ խնդիրների առաջ էինք կանգնում։ Վերջին տարիներին Հայաստան նաւթամթերք են ներկրում ոչ թէ մի քանի, այլ տասնեակ ընկերութիւններ։ Այս իրավիճակը մեզ թոյլ է տուել, որպէսզի համաշխարհային շուկայում առկայ նաւթամթերքի հետ կապուած ճգնաժամերն աւելի սուր չտանենք, քան դա տանում են միւս երկրները։ Օրինակ՝ Ռուսաստանում Ուքրանիայի գործողութիւնների հետեւանքով նաւթամթերքի հետ կապուած խնդիրներ յառաջացան, մեր ներքին քաղաքականութեան շնորհիւ Հայաստանն այդ խնդիրները չզգաց»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։
Լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենա՞յ հանրաքուէ՝ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու հարցով, Փաշինեան պատասխանած է, որ նման քայլի երթալու համար Հայաստանը պէտք է առնուազն Եւրոպական Միութեան անդամակցելու յայտ ներկայացուցած ըլլայ։ Վարչապետը նաեւ յաւելած է, որ այս պահի դրութեամբ Հայաստանը պատրաստ չէ դառնալու Եւրոպական Միութեան անդամ։ Անոր խօսքով՝ շատ բարեփոխումներ պէտք է իրականացուին, որպէսզի Հայաստանը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն։
«Մեր նպատակն այն է, որ Հայաստանի ժողովուրդը կարողանայ որոշել՝ Հայաստանը մնա՞յ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ, ըլլա՞յ Եւրոպական Միութեան անդամ, թէ՞ չլինի ոչ Եւրոպական Միութեան, ոչ Եւրասիական Տնտեսական
Միութեան անդամ։ Ընդ որում՝ ամէն դէպքում մենք Հայաստանի հանրապետութիւնը բարեփոխելու ենք Եւրոպական Միութեան չափանիշերին համապատասխանեցմամբ»,– նշած է Փաշինեան։
Անոր խօսքով, եթէ Հայաստանը լիարժէք եւ առարկայականօրէն պատրաստ ըլլայ ԵՄ անդամակցութեան, հարցը կրկին կախուած պիտի ըլլայ երկու կողմերէն. Եւրոմիութեան՝ Հայաստանին ընդունելու պատրաստակամութենէն եւ Հայաստանի ժողովուրդի քուէարկութենէն։

