Հոկտեմբեր 10-ին, պաշտօնապէս մեկնարկեց Ամուլսարի հանքի շահագործումը: Արարարողութեան ներկայ էին վարչապետը, փոխվարչապետը, տնտեսութեան եւ տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարարները, դիւանագէտներ եւ այլք:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագիծի մեկնարկին նուիրուած միջոցառման ժամանակ յայտնած է, որ իշխանութիւնները յաջողած են փարատել հանրութեան եւ բնապահպաններուն մտահոգութիւնները, այդ շարքին՝ Սեւանայ լիճի հնարաւոր թունաւորման վտանգներուն վերաբերեալ, ինչի բերումով այսօր նախագիծը կ’իրականացուի առանց բողոքի շարժումներու: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, թէ որեւէ զարգացած երկրի համար այս որակի հանքարդիւնաբերութիւնը, որ ընկերային եւ բնապահպանական առումով պատասխանատու է, երկրի զարգացման կարեւորագոյն շարժիչն է:
Վարչապետին այս յայտարարութեան արձագանգած է «Ամուլսարը առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը, նշելով որ իրենք այսօր իմացած են հանքի շահագործման մասին:
«Առանց պաշտօնական յայտարարութեան կամ, կարելի է ասել՝ «թաքուն», ներկայ իշխանութիւնները գնում են Ամուլսարի հանքի շահագործման պաշտօնական բացմանը։
«Ամուլսարն առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը հերթական Ջերմուկ այցի ընթացքում ճանապարհին պատահաբար իմացաւ, որ այսօր Ամուլսարի հանքի շահագործման պաշտօնական բացումն է»,- ըսուած է շարժման յայտարարութեան մէջ։
Անդրադառնալով տնտեսական օգուտներուն՝ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան ներկրուած է մեծ ծաւալի ժամանակակից սարք, որուն շահագործումը կը ստեղծէ բարձր որակաւորում պահանջող եւ բարձր վարձատրուող նոր աշխատատեղեր: Ան յատկանշական համարած է, որ սա թոյլ կու տայ քաղաքացիներուն անցում կատարել սեւագործ աշխատանքէն դէպի արհեստագիտական սպասարկում: Բացի անկէ, վարչապետը յայտնած է, որ ազդակիր համայնքները ծրագիրը իրականացնող «Լիդիան» ընկերութեան կողմէն կը ստանան էական ընկերային աջակցութիւն:
«Այն ընդերքը, որն այսօր մեր աչքի առաջ դարձաւ ոսկի, պատկանում է Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ ժողովրդի սեփականութիւնն է։ Մեզ համար մեծագոյն խնդիր է եղել ի ցոյց դնել, որ այդ հարստութիւնը ծառայելու է Հայաստանի զարգացմանն ու բարեկեցութեանը»,- ընդգծած է Փաշինեանը։
Նախագիծին մէջ կառավարութեան 12,5 տոկոս բաժնեմասը գործադիրի ղեկավարը որակած է որպէս ժողովուրդին լրացուցիչ մասնաբաժին: Ան յիշեցուցած է նաեւ հարկային օրէնսգիրքին եւ ռոյալթիներու համակարգին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, որոնք փոխկապակցուած են մետաղներու միջազգային գիներուն հետ եւ պետական պիւտճէին համար պիտի ապահովեն յաւելեալ եկամուտներ: Ըստ վարչապետին՝ պետական եւ համայնքային պիւտճէներ մուտքագրուող այդ միջոցները պիտի ուղղուին ենթակառուցուածքներու զարգացման, ճանապարհներու, դպրոցներու կառուցման ու անվտանգութեան ապահովման:
Փաշինեան վստահութիւն յայտնած է, որ հսկայական այս ներդրումային ծրագիրը նոր խթան կը հանդիսանայ երկրի համախառն ներքին արդիւնքի աճին համար՝ յաւելելով, որ կառավարութեան խնդիրը պիտի ըլլայ այս նախագիծին չափանիշերը որպէս ուղենիշ կիրառել հանքարդիւնաբերական միւս ընկերութիւններուն եւ ապագայ խոշոր ներդրումային ծրագրերու համար:



