Հարկադիր կատարումը ապահովող ծառայութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման եւ յատուկ նշանակութեան բաժնին մէջ Հակափտածութեան դատարանի տուած կատարողական թերթի հիման վրայ յարուցուած կատարողական վարոյթի ծիրին մէջ արգելանք կիրառուած է պարտապան Գ․Ծ․-ին պատկանող շուրջ 29 անշարժ, 488 շարժական գոյքի, 33 փոխադրամիջոցի եւ 27 տարբեր ընկերութիւններու մէջ առկայ բաժնեմասերու, ինչպէս նաեւ վերջինիս հետ փոխկապակցուած 40 իրաւաբանական կազմակերպութիւններու բաժնեմասերու եւ բաժնետոմսերու, ինչպէս նաեւ վերջիններուս պատկանող գոյքերու նկատմամբ։
Մէկ այլ կատարողական վարոյթի ծիրին մէջ վարոյթը իրականացնող հարկադիր կատարողի գործողութիւններու բերումով պարտապան Գ․Ծ․-ին պատկանող, Սեւանայ լճի ափամերձ տարածքին գտնուող անշարժ գոյքի եւ շինութիւններու նկատմամբ արգիլուած է կատարել սեփականատիրոջ փոփոխութիւն, ինչպէս նաեւ նշուած գոյքի փաստացի վիճակը վատթարացնող ապօրինի որեւէ գործողութիւն։

