Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աւետիք Չալաբեանի Մասով Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

Աւետիք Չալաբեանի Մասով Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Խումբ մը անձերու կողմէ ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելու նախապատրաստութեան վերաբերեալ քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեանի մասով աւարտած է։
Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Քննչական Կոմիտէն։

Ա.Չ․-ն հանդիսանալով «Հայաքուէ» միաւորման համակարգող, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 2026 թուականի Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրութեան իրաւունք ունեցող անձերու ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացման խոչընդոտելու նպատակով, 2026 թուականի Փետրուար 4-ին Երեւան քաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող օտարերկրեայ պետութեան ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքում համոզելու, վերոյիշեալ ընտրութիւններուն մէջ նաեւ անոնց կողմէ նախընտրած քաղաքական ուժի յաղթանակը ապահովելու հանգամանքով շահագրգռելու միջոցով դրդած է վերջիններս, որպէսզի անոնք խումբի կազմին մէջ, նախնական
համաձայնութեամբ, իրենց ծառայողական, իշխանական լիազօրութիւնները եւ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով խոչընդոտեն Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրութեան իրաւունք ունեցող ՀՀ քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացումը, այն է՝ օտարերկրեայ պետութեան մէջ գործող կազմակերպութիւններու սեփականատէրերու միջոցով ստիպեն այդ կազմակերպութիւններուն մէջ աշխատող, ընտրելու իրաւունք ունեցող ՀՀ քաղաքացիները մեկնելու Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին քուէարկելու «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի օգտին, որուն առնչութեամբ օտարերկրեայ պետութեան ներկայացուցիչները տուած են իրենց համաձայնութիւնը:

Քննչական եւ վարութային գործողութիւններու բերումով բացայայտուած է յանցանք կատարած անձը եւ հսկող դատախազին
որոշմամբ Ա․Չ․-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում:

Ա․Չ.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը։ Անոր վերաբերեալ քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment