Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լիլիթ Մակունցը Նշանակուած Է Վարչապետի Աշխատակազմի Ղեկավար

Լիլիթ Մակունցը Նշանակուած Է Վարչապետի Աշխատակազմի Ղեկավար

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ Լիլիթ Մակունցը նշանակուած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար։ Անոր նախորդած մէկ այլ որոշմամբ ան ազատուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնէն։

Մակունցը վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնին պիտի փոխարինէ Արայիկ Յարութիւնեանին, որուն վարչապետը չվերանշանակեց։ Յարութիւնեանը խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ առաւ պատգամաւորի մանտաթը։

Լիլիթ Մակունցը 2021-2025 թուականներուն եղած է Հայաստանի դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մինչ այդ ան շուրջ երկուքուկէս տարի ղեկավարած է Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը։ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Մակունցը պատգամաւոր ընտրուած էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով, սակայն ինքնաբացարկ յայտնած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment