Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի Մէջ Ընդունած Է Ընդդիմադիր Պատգամաւորները

Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի Մէջ Ընդունած Է Ընդդիմադիր Պատգամաւորները

by MassisPost

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Օգոստոս 2-ին Մայր Աթոռի մէջ ընդունած է ԱԺ 9-րդ գումարման «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորները:

Կաթողիկոսն իր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց պատգամաւորներուն։ Հանդիպման ընթացքին ան յայտնած է, որ յայտնի պատճառներով չէ մասնակցած Ազգային Ժողովի առաջին նիստին՝ պատգամաւորներուն փոխանցելու իր օրհնութիւնն ու պատգամը։

Կաթողիկոսը խօսած է երկրին մէջ առկայ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն, հասարակութեան պառակտուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող «օրինազանց եւ հակասահմանադրական քայլերու» մասին։

Ան նորընտիր պատգամաւորներուն կոչ ըրած է օրէնսդիր գործունէութեան ընթացքին առաջնորդուիլ ազգային համընդհանուր նպատակներով, աշխատիլ յանուն Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման եւ ժողովուրդի բարօրութեան։

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը չմասնակցեցաւ ԱԺ առաջին նիստի բացման։ Անոր հրաւէր չէր ուղարկուած։

ԱԺ կանոնակարգ օրէնքով սահմանուած է՝ առաջին նստաշրջանի բացման առթիւ ողջոյնի ելոյթի իրաւունք ունին կաթողիկոսն ու հանրապետութեան նախագահը։

Ընդդիմութիւնը նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ելոյթէն յետոյ հարց բարձրացուց, թէ ո՞ւր է Վեհափառ Հայրապետը, ԱԺ նիստը վարող ամենատարեց պատգամաւոր Կնեազ Հասանովը յորդորեց չխանգարել նիստը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment