Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գրախօսական – Բարի Եկար «Գանգուր Լորին»

Գրախօսական – Բարի Եկար «Գանգուր Լորին»

by MassisPost

Հայկական մանկական գրականութեան հերոսուհիներուն այս շաբաթ միացաւ նոր անուն մը՝ Գանգուր Լորին: Սիրունիկ աղջնակ մըն է ան՝ «Գանգուր Լորին» մատենաշարի գլխաւոր կերպարը: Լորին նորայայտ երիտասարդ գրող Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեանի ստեղծագործութիւնն է: Հետաքրքրասէր, ուշիմ, կատակասէր, մարդամօտիկ եւ զուարճախօս աղջնակ մըն է Լորին, որ ունի շագանակագոյն գանգուր մազեր: Եւ այդ մազերն են, որ ծնունդ սկսած են տալ «Գանգուր Լորին» մատենաշարին, որուն առաջին հատորը արդէն լոյս տեսած է:

«Գանգուր Լորին» նախատեսուած է մատենաշար մը ըլլալ: Նոր լոյս տեսած առաջին հատորի մէջ Լորին իր խճճուած մազերու մէջ կը գտնէ ոսկեգոյն բանալի մը: Ուրկէ՞ եկած էր այդ բանալին: Ան ինչպէ՞ս յայտնուած էր իր մազերու մէջ… Ան ի՞նչ կը բանար: Իսկական առեղծուած մը… Այս հարցումներուն գոհացում տալու համար փոքրիկ Լորին, ոստիկանական ճշգրտութեամբ պրպտումներ կը կատարէ: Պատմութեան աւարտին կը յայտնուի ընտանեկան հին, քաղցր հէքիաթ մը: Յաջորդ պատմութեան մէջ Լորին պիտի արթննայ եւ իր մազերու մէջ պիտի գտնէ մէկ այլ առարկայ: Այդ պատմութեան աւարտին ալ պիտի յայտնուի ընտանեկան եւ հայրենասիրական ջերմ պատմութիւն մը:

«Գանգուր Լորին – Լորին եւ Ոսկեգոյն Բանալին» գիրքը ուշագրաւ է իր նկարազարդումներով: Տաղանդաւոր նկարիչ Ճէսի Քյուպըց հմտօրէն պատկերացուցած եւ նկարած է հայու դիմագիծը եւ հայկական տոհմիկ միջավայրը: Գիրքը ունի փոքրիկ հայ ընթերցողներու համար յատուկ պատրաստուած լուսաւոր գծագրութիւններ, որոնց ենթաշերտի մէջ ներկայ է հայկական մշակոյթի բոլոր առարկաները: Իւրաքանչիւր էջի մէջ տեղ գտած են հայկական տան մը բոլոր տոհմիկ առարկաները, ինչպէս գորգը, երաժշտական գործիքները, պատերու վրայ հայրենի տեսարանները, եւ այլն:

«Գանգուր Լորին» հատորը հայկական մանկական գիրքերու աշխարհի մէջ գեղեցիկ նորութիւն մըն է: Լորիին պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ ընթերցասիրութիւնը տարածելու համար անոր երիտասարդ հեղինակը ծրագրած է քաղաքիս հայկական վարժարանները այցելել եւ գիրքի օրեր կազմակերպել: Կասկած չկայ, թէ այս հրատարակութեան շնորհիւ ամէն հայկական տան գրադարանը պիտի հարստանայ գեղեցիկ մայրենիով գրի առնուած նոր մէկ գիրքով:

Հեղինակի մասին:
Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեան ծնած եւ մեծցած է քաղաքիս մէջ: Ան շրջանաւարտն է Սահակ-Մեսրոպ եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարաններու: Քրիստինան ունի անձնական հետաքրքրութիւններու լայն ծիր մը: Ան հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ աւանդական արուեստներու հանդէպ սէրը թէ հայ եւ թէ օտար երեխաներու մէջ տարածելու համար կը կատարէ զանազան միջոցառումներ: Նոյն նպատակով ան որոշած է հայոց լեզուի եւ համաշխարհային պատմութեան ուսուցչուհի դառնալ, գիրքեր հեղինակել, առաւելաբար նահանգային ուսումնական ծիրէ մը ներս «The Genocide Education Project»ի հետ ամէն ամառ Ամերիկացի ուսուցիչներուն հայոց պատմութիւն ուսուցանել, որպէս վերապատրաստման դասընթացք: Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեանի նորագոյն աշխատանքն է հայերէն սորվելու «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը: Քրիստինան այդ կայքէջը պատրաստած է իր նորապսակ ամուսինի՝ Նարեկ Տատուրեանի հետ: 3-12 տարեկաններու համար նախատեսուած «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը ճոխ է խաղերով եւ երգերով, ուր ամէն այցելու մանուկ թէ՛ լեզու կը սորվի եւ թէ՝ կը ծանօթանայ Հայաստանի աշխարհագրութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան:

Կը շնորհաւորենք Քրիստինան «Գանգուր Լորին – Լորին եւ Ոսկեգոյն Բանալին» գիրքի հրատարակութեան առիթով եւ անհամբեր կը սպասենք նորանոր պատմութիւնները: Ուրախ ենք նաեւ տեսնելով, թէ քաղաքիս հայկական վարժարաններէն ելած է հայալեզու գրող մը, որ կը պաշտէ իր մայրենին եւ իր սէրը կը փոխանցէ հայորդիներուն:

Գիրքը ապսպրելու համար դիմել՝ abcgabig.com/lori: Վարժարանի մը մէջ գիրքի օր կազմակերպելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրել՝ [email protected] հասցէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment