Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Սահմանափակուի Ընդդիմութեան Առաջնորդներուն Ելքը Հայաստանէն

Կը Սահմանափակուի Ընդդիմութեան Առաջնորդներուն Ելքը Հայաստանէն

by MassisPost

Յունիս 14-ին յայտնի դարձաւ, որ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ելքը Հայաստանէն արգիլուած է։  Նոյն օրը աւելի վաղ երկրորդ նախագահի գրասենեակէն յայտնած էին, որ Ռոպերթ Քոչարեանը Յունիս 14-ին եռօրեայ եւ վաղուց ծրագրուած անձնական այցով կը պատրաստուի երկրէն մեկնելու։ Աւելի ուշ յայտնուեցաւ Քոչարեանի՝ օդակայանի անցակէտին վրայ անցագիրը ներկայացնելու տեսանիւթ։

«ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եռօրեայ այցով մեկնում է Հայաստանից: Այցը կրում է անձնական բնոյթ, վաղուց ծրագրուած էր եւ յետաձգուել էր նախընտրական խիտ ժամանակացոյցի պատճառով: Նախագահի նախկին բազմաթիւ այցերի մասին երբեք նախապէս տեղեկատուութիւն չենք տրամադրել՝ դրանց մասնաւոր բնոյթի պատճառով: Սակայն, հաշուի առնելով ընդդիմութեան ներկայացուցիչների այցերի վերաբերեալ իշխանութիւնների կողմից վերջերս տարածուող կեղծիքները, հարկ ենք համարում հանրութեանը զերծ պահել իշխանական կեղծիքների սպասուելիք չափաբաժնից»,- յայտնած էին նախագահի
գրասենեակէն:

Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը, լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է, որ հայրը Ռուսաստան կը մեկնէր անձնական այցով։

Յունիս 9-ին ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը փորձած էր լքել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իրաւապահ մարմինները թոյլ չէին տուած։ Անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է։

ԲՀԿ մամուլի խօսնակ եւ պատգամաւորի թեկնածու Իվեթա Տօնոյեան անդրադառնալով այդ հրապարակումներուն՝ պարզաբանած է, որ Գագիկ Ծառուկեանը տիկնոջ հետ վաղօրօք ծրագրած 2-3 օրեայ այց ունէր՝ խիստ անձնական ու ընտանեկան նպատակներով։

Յունիս 12-ին սահմանափակուած է նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորական ցուցակի առաջին համար Նարեկ Կարապետեանի ելքը երկրէն։

Կարապետեան յայտնած է, որ նկարահանող խումբի հետ փորձած է հատել հայ-վրացական սահմանը՝ Վերին Լարս մեկնելու եւ հայկական բեռնատարներու կուտակումներուն վերաբերեալ տեսագրութիւն պատրաստելու համար։ Սակայն սահմանապահները տեղեկացուցած են, որ անոր նկատմամբ ելքի սահմանափակում դրուած է, եւ թոյլ չեն տուած հատել սահմանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment