Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Աղբիւրը Կը Հերքէ, Թէ 300 Հազարի Վերադարձի Թեման Քննարկուած Է

Ատրպէյճանական Աղբիւրը Կը Հերքէ, Թէ 300 Հազարի Վերադարձի Թեման Քննարկուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած, 3 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան՝ Երեւան կատարած այցի նախօրէին ռուսական եւ հայկական լրատուամիջոցները գրած են, որ այցի նպատակն է նախապատրաստել 300 հազար ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը Հայաստան եւ նոյնքան հայերի վերաբնակեցումը Ատրպէյճան:

Մեկնաբանելով «News Media»-ի գլխաւոր տնօրէն Ա․ Գաբրելեանովի գրառումը՝ ատրպէյճանական «Bakı-xeber» կայքը նշած է․

«Առաջին՝ 300 հազար ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման համար չկայ ո՛չ իրաւական հիմք, ո՛չ ալ հասարակական-քաղաքական նախադրեալ։ 1988-1991թթ․-ին Հայաստանէն արտաքսուած ատրպէյճանցիներու եւ անոնց սերունդներու թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 250-300 հազար մարդ։

«Անոնց վերադարձի իրաւունքի հարցը Ատրպէյճանը կը բարձրացնէ միջազգային հարթակներու վրայ, սակայն այդ չի նշանակեր զանգուածային գաղթ։ Խօսքը կամաւոր, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի մասին է, ոչ թէ հարկադիր բնակեցման։ Երկրորդ՝ 300 հազար հայերու՝ Ատրպէյճան վերաբնակեցման թիւը նոյնպէս չափազանցուած է։ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն՝ Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած հայ բնակչութեան թիւը կը կազմէ մօտ 100-120 հազար մարդ։

«Անոնց մէկ մասը մեկնած է երրորդ երկրներ։ Երրորդ՝ պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելությունները ուղղուած են խաղաղութեան պայմանագրին, սահմաններու սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու բացման եւ մարդասիրական հարցերուն։ Եթէ կայ բնակչութեան փոխանակման նման զգայուն թեմա, ապա այն պէտք է քննարկուի ամենաբարձր մակարդակով, բաց յայտարարութիւններով եւ միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ։ Մինչ օրս ո՛չ Պաքուն, ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ միջնորդները նման ծրագրի մասին յայտարարած են։

«Ռուսական եւ հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ նմանատիպ լուրերը յաճախ կը տարածուին հասարակութեան կարծիքը ստուգելու, բանակցային գործընթացին վրայ ճնշում գործադրելու կամ ներքին լսարանին ուղերձ փոխանցելու նպատակով։ 300 հազար թիւը նոյնպէս խորհրդանշական է, կարծես նպատակ ունին ստեղծել «մէկը մէկի դիմաց» փոխանակման տպաւորութիւն։  300 հազար անձերու փոխադարձ բնակեցման վերաբերեալ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Վերադարձի հարցը օրակարգի վրայ է, սակայն այն կամաւոր, անհատական եւ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ քննարկուող գործընթաց է, ոչ թէ մեխանիկօրէն բնակչութեան փոխանակում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment