«Հայաստանը կը մնայ ՀԱՊԿ անդամ, բայց ձեռնպահ կը մնայ նիստերուն անմիջականօրէն մասնակցելէ»:
Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումը այն է, որ այն կ’աջակցի անոր բոլոր որոշումներուն եւ կը մնայ անդամ, բայց ձեռնպահ կը մնայ ՀԱՊԿ նիստերուն անմիջականօրէն մասնակցելէ: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բացատրեց այս հայկական դիրքորոշումը լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ:
«Ինչպէս մեզի կ’ըսեն մեր հայ գործընկերները, կ’աջակցին ՀԱՊԿ-ի կողմէ կայացուած բոլոր որոշումներուն։ Իրենց կը համարեն ՀԱՊԿ անդամ, բայց այս փուլին ձեռնպահ կը մնան կազմակերպութեան նիստերուն մասնակցելէ: Այդ իրենց ընտրութիւնն է»,- ըսած է Փութին:

