ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստան այցելած՝ ՆԱԹՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան վերաբերող հարցեր։ Կողմերը նշած են համագործակցութեան զարգացման եւ շարունակականութեան կարեւորութիւնը։
Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող քաղաքականութիւնը։ Այդ ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած ուաշինկթընեան հռչակագրին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ համաձայնագրի նախաստորագրման։
Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին՝ ՆԱԹՕ-ի հետ փոխգործակցութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան օրակարգի յառաջմղման։
Դեսպանները ողջունած են ուաշինկթընեան հռչակագրի ստորագրումը եւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը՝ զանոնք որակելով որպէս վճռորոշ քայլեր տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։ Անոնք նաեւ բարձր գնահատած են Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին միտք փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին եւ միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցերու շուրջ։

