Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Նոր Հնարաւորութիւններ Պիտի Բանայ ՀՀ Տնտեսութեան Համար. Պապոյեան

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Նոր Հնարաւորութիւններ Պիտի Բանայ ՀՀ Տնտեսութեան Համար. Պապոյեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ ինչպէս ՀՀ տնտեսութեան համար ընդհանուր առմամբ, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածի առանձին ներկայացուցիչներու համար:

Նման համոզմունք յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:

Նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մէջ մէկ կարեւոր մեծ հատուածը կը վերաբերի տնտեսութեան, առեւտուրին եւ ներդրումներուն: Կան նաեւ որոշակի դրոյթներ ու ճանապարհային քարտէզ:

«Մասնաւորապէս, երկու երկրները մտադիր են առեւտրի եւ ներդրումների ոլորտում որոշակիօրէն առկայ օրէնսդրութիւնն աւելի բարելաւել, որ առրեւտրաշրջանառութիւնը, ներդրումային հոսքերը փոխադարձաբար աւելի հեշտ ընթանան: Այդ առումով, բնականաբար, ակնկալում են աւելացնել առեւտրաշրջանառութիւնը աշխարհի երկրորդ խոշոր տնտեսութեան հետ եւ, ի հարկէ, գրաւել չինական ներդրումներ, որոնք աշխարհում ամենագրաւիչներից են»,-ըսաւ Պապոյեան՝ յաւելելով, որ Չինաստանի տնտեսութիւնը այս առումով ունի շատ լաւ ու մեծ հնարաւորութիւններ:

Նախարարին խօսքով՝ փաստաթուղթին մէջ նաեւ կարեւոր արձանագրում է այն, որ կողմերը յանձն կ’առնեն համագործակցութիւնը խորացնել շարք մը ուղղութիւններով, մասնաւորապէս՝ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

«Այս առումով, կարծում եմ, որ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը բացի ինչպէս մեր տնտեսութեան համար ընդհանուր առմամբ, այնպէս էլ, ի հարկէ, մեր մասնաւոր հատուածի առանձին ներկայացուցիչների համար, որոնք կարող են ոչ միայն ներդրումներ ներգրաւել չինական տնտեսութիւնից, այլ նաեւ խորացնել մեր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Մասնաւորապէս, կարող են ինչպէս ապրանքներ արտահանել դէպի Չինաստան, այնպէս էլ ներմուծել Չինաստանից՝ աւելի պարզեցուած, աւելի հեշտացուած առեւտրային ընթացքակարգերով»,- ըսաւ նախարարը:

Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2024 թուականին 2023-ի նկատմամբ աւելցած է 1.7 անգամ: Պապոյեանը սա լուրջ ցուցանիշ համարեց՝ նկատելով, որ բաւականին լաւ զարգացումներ արձանագրուած են թէ՛ արտահանման, թէ՛ ներմուծման մասով:

2024 թուականին Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ 2 միլիառ 280 միլիոն տոլար: Նախարարը կը կարծէ, որ այս տարի նոյնպէս ցուցանիշները տպաւորիչ պիտի ըլլան:

Չինաստանի Թիենծին քաղաքին մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի հանդիպման բերումով կողմերը յայտարարած են, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կը հաստատուի ռազմավարական գործընկերութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment