Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը իր հերթական միջոցառումի ծիրէն ներս, անցեալ Հինգշաբթի, Յուլիս 10-ին, 2025, կազմակերպած էր շահեկան դասախօսութիւն մը «Հայաստանը, Նոր մարտահրաւէներու եւ հնարաւորութիւններու ընդառաջՙ նիւթին շուրջ բանախօս` ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան:
Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցած սոյն միջոցառումին ներկայ էր ընտրանի հասարակութիւն մը, ինչպէս նաեւ ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան, շրջանի վարիչ մարմնի անդամներ եւ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավար Անի Մարսէլեան, Նոր Սերունդ Մշակութային միութեան անունով ողջունեց ներկայ հասարակութիւնն ու պարզաբանեց երեկոյին նպատակը, որ է իրազերկել Հայաստանի սպառնացող նոր մարտարահէրներն ու անոնց առաջքն առնելու հնարաւորութիւնները:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ սոյն միջոցառման գլխաւոր բանախսօս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան: Յարգարժան զեկուցաբերը` նախ հպանցիկ ակնարկով մը, հանգամանօրէն ներկայացուց թէ համաշխարհային եւ թէ տարածաշրջանային իրավիճակը, ուր առկայ են բիրտ ոյժերու ձեւաուրումները (Ուքրանիա, Կազա եւ Հարաւային Կովկաս):
Համբիկ Սարաֆեան նշեց որ ձգտեալ ռազմաշունչ իրավիճակներէն դուրս գալու միակ ելքը խաղաղութիւնն ու ներքին միասնութիւնն է: Այս առթիւ ան իր ցաւն ու մորմոքը յայտնեց որ Հայաստանի մէջ, կարգ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ, երկրի անդորրութիւնը եւ միասնականութիւնը կը խանգարեն իրենց ահաբեկչական ու կործանարար ծրագիրներու միջոցով: Արդարեւ, խաղաղ պայմաններու ներքեւ եւ դրացի երկիրներու հետ բնականոն յարաաբերութիւններու պարագային` Հայաստան կրնայ դառնալ Արեւելք-Արեւմուտքի միջանցքի կամ ճանապարհի գլխաւոր օղակը: Նման պարագային` զգալիօրէն կը բարելաւուի երկրի տնտեսութիւնը եւ կ’ունենայ տնտեսական աճ ու յատկապէս` կենսամակարդակի բարձրացում:
Համբիկ Սարաֆեան հայ-ռուսականյարաբերութիւններու մասին անդրադառնալով, իր հիասթափութիւնը յայտնեց ըսելով որ 2020 թուակաէն ի վեր, Ռուսիոյ վերաբերմունքը հայերու հանդէպ այլեւս դադրած է «եղբայրական» ըլլալէ: Ապացոյց` ղարաբաղեան պատերազմի օրերու իր դիրքաւորումը…:
Յարգելի բանախօսը` վերապահ լաւատեսութիւն մը ցուցաբերեց Եւրոպական Միութեան եւ Եւրո-ասիական համագործակցութեան սերտացման առաւելութիւններուն ու անպատեհութիւններուն մասին: Անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէայճան փոխ յարաբերութիւններուն` որ հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ շահերու սկզբունքին վրայ: Միւս կողմէ` տակաւին առկայ կը մնայ պատերազմի վերսկսումը շրջափակման շարունակութիւնը, իր բոլոր հետեւանքներով: Ներկայ դրութեամբ տիրական երեւոյթ է անկայութիւնն ու ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը: Կնճռոտ հարց նկատուեցաւ «Զանգեզուրի Միջանցքՙի գործածութեան պարագան, որու համար հայանպաստ կեցուածք որդեգրած է Իրանը:
Գալով Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեանբ` Համբիկ Սարաֆեան թելադրեց վարել հաւասարակշռուած ինքնուրոյն եւ նախաձեռնողական գործելաոճ: Նաեւ` կառչած մնալ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ սերտացնել համագործակցութիւնը ժողովրդավար երկիրներու հետ: Իր խօսքը եզրափակելով յարեց.- «Դիւանագիտութիւնն ու խաղաղութեան օրակարգը` այս պայմաններու տակ, միակ եւ ճիշդ ելքն էՙ:
Սոյն յիշարժան երեկոյի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին շնորհալի երիտասարդ կատարողներ` Շանթ Դանիէլեան (ջութակ), Ալիսիա Քէօշկերեան (քանոն ) եւ Արթիւր Քէօրողլեան (դաշնակ):
Դասախօսութեան աւարտին` հարց-պատասխանի համար ներկաներուն պատեհութիւն տրուեցաւ արտայայտուելու օրուան նիւթին շուրջ, որոնց սիրայօժար պատասխանեց եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ ու մեկնաբանութիւններ տուաւ ղեկուցաբեր Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանը:
Հաւաքոյթը` պատեհ առիթ մը նկատելով ՆՍՄՄ-ի վարչութիւնը` յատուկ մետալով եւ պատուոյ գիրով իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Արուսեակ Գրիգորեանին, առ ի գնահատութիւն մատուցած տասնեակ տարիներու մշակութային եւ հասարակական գործունէութեանց ու վաստակին:


