Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեկնարկած Են Հայաստանի Մէջ 5G Լայնաշերտ Ցանցի Ներդրման Աշխատանքները

Մեկնարկած Են Հայաստանի Մէջ 5G Լայնաշերտ Ցանցի Ներդրման Աշխատանքները

by MassisPost

ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը ազատականացուցած է 3600-3800 ՄՀց ռատիօյաճախականութիւններու տիրոյթը՝ առեւտրային նպատակներով տրամադրելու համար:

Հայաստանի մէջ յառաջիկային 5G արհեստագիտական լայնաշերտ ցանցի ներդրման վերաբերեալ Itel.am-ի հարցումին ի պատասխան՝ ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշած է, որ ռատիօյաճախականութիւններու տիրոյթը ազատականացնելէ յետոյ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը կ’իրականացնէ 3600-3800ՄՀց ռատիօյաճախականութիւններու տիրոյթէն հատուածներու տրամադրման մրցութային փաթեթի եւ պայմաններու, ինչպէս նաեւ հանրային շարժական 5G արհեստագիտութեան լայնաշերտ կապի որակի չափանիշերու մշակման գործընթաց, որ կը նախատեսուի քննարկել նախարարութեան հետ:

«Քննարկումներից յետոյ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը կը յայտարարի մրցոյթ: Եթէ ՀՀ շարժական կապի աշխատողները մասնակցեն մրցոյթին եւ ռատիօյաճախականութիւնների տիրոյթից հատուածներ ձեռք բերեն, աշխատողները կ’իրականացնեն մրցոյթային փաթեթի պայմաններով սահմանուած ժամկէտներում եւ վայրերում 5G արհեստագիտական լայնաշերտ ցանցի ներդրման եւ շահագործման աշխատանքներ: Այս պարագայում Հայաստանը կ’ունենայ 5G արհեստագիտական լայնաշերտ ցանցի հասանելիութիւն:

«Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը Հայաստանի շարժական կապի աշխատողների հետ կազմակերպել է առանձին հանդիպումներ, որտեղ քննարկուել են 5G արհեստագիտութեան ցանցերի ներդրման հարցերը, մասնաւորապէս՝ վերջիններիս պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրուածութիւնը մրցոյթին մասնակցելու եւ վերոնշեալ աշխատանքներն իրականացնելու համար»,- նշած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment