Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Եկած Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու Ժամանակը». ԱՄՆ Դեսպանատունը՝ Պոնոյի Այցի Մասին

«Եկած Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու Ժամանակը». ԱՄՆ Դեսպանատունը՝ Պոնոյի Այցի Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօն Երեւան կատարած այցի ընթացքին դեսպան Քրիսթինա Քվինի ուղեկցութեամբ հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ջանքերը, «Ազատութեան» յայտնեց Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը։

«Այժմ եկած է ժամանակը ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիր, որ թոյլ կու տայ վերհանելու Հարաւային Կովկասի ընկերային եւ տնտեսական ներուժը»,- նշած է դեսպանատունը։

«Ազատութեան» հարցումին, թէ արդեօք Երեւանէն յետոյ Պոնօն պիտի մեկնի՞ Պաքու, ԱՄՆ դեսպանատունէն պատասխանած են, որ յստակ տեղեկութիւն չունին. «Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Պոնօն յաճախակի կ’այցելէ տարածաշրջան՝ քննարկելու ԱՄՆ աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ուղին»։

Երեւանի մէջ գտնուող ԱՄՆ բարձրաստիճան դիւանագէտը արդէն հանդիպած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին, անոր հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու վերջին զարգացումները: Պաշտօնեաները, ԱԽ գրասենեակին փոխանցմամբ, անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment