Յունիս 3-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ ԶՈՒ ԳՇ ղեկավար կազմը ՊՆ «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ հետեւած են ԶՈՒ յատուկ նշանակութեան ուժերու մարտական հրաձգութեամբ մարտավարամասնագիտական զօրավարժութեան։
Զօրավարժութեան ներգրաւուած յատուկ նշանակութեան ուժերը, հրետանային, ռէաքթիւ-հրետանային, ականանետային, հակատանկային, բանակային օդագնացութեան, հակաօդային պաշտպանութեան, ԱԹՍ եւ ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի ստորաբաժանումները իրականացուցած են տարաբնոյթ միջոցառումներ, խաղարկուած են յատուկ գործողութիւններու, պաշտպանողական, հակայարձակողական եւ հակախափանարարական պայքարի բեմագրեր։
Զօրավարժութեան աշխոյժ մասնակցած են հայրենական շարք մը ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններ՝ ներկայացնելով ժամանակակից միջոցներ, որոնք անցած են փորձարկումներ եւ համալրած են ԶՈՒ զինանոցը:
Զօրավարժութեան աւարտին պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին՝ մասնագիտական բարձր որակներու, հրաձգութիւնն ու առաջադրուած խնդիրները, զօրքերու ներդաշնակումը գերազանց կատարելու համար:



