Ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար Լեւոն Երանոսեանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ 2018-ի յեղափոխութեան օրերուն իշխանութիւնը չարաշահելու համար։ Չորս տարի բանտարկութեան փոխարէն, սակայն, ան ազատուեցաւ պատիժէն՝ համաներման ու վաղեմութեան ժամկէտի հիմքով:
Գլխաւոր Դատախազութիւնը նախկին բարձրաստիճան ոստիկանը կը մեղադրէ 2018-ի Ապրիլ 16-ին Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ Ապրիլ 22-ին Արցախի պողոտային վրայ ցուցարարներու նկատմամբ լուսաձայնային նռնակներ կիրառելու համար։
Իրաւապահներուն պնդմամբ՝ Երանոսեանը այդ լիազօրութիւնը չէ ունեցած, աւելին՝ դիտաւորութեամբ կատարած է գործողութիւններ, որոնք էական վնաս հասցուցած են ցուցարարներուն։ Ինքը՝ Երանոսեանը չ’ընդունիր մեղադրանքը, այսօր ալ մերժեց մեկնաբանել դատաւորին որոշումը։
Մեղադրող դատախազը չյստակացուց, որ դատախազութիւնը պիտի բողոքարկէ՞ դատարանին որոշումը, թէ՞ ոչ։
«Կու գար ու կ’ընտրէր՝ ուր պէտք է նետէր». տուժող
«Գալիս էր ու ընտրում էր՝ որտեղ պէտք է գցեր։ Գլուխս բարձրացրի, տեսայ, որ … ունի, քաշեց իր վրայից, շատ սառնասրտօրէն գցեց, ընկաւ մեքենայի գլխին, ինչ-որ մէկը բրդեց ձեռքով, որովհետեւ Աստուած ոչ անի՝ եթէ դա մեքենայի վրայ տրաքեր, օդ թռայ, ընկայ գետնին»,- «Ազատութեան» պատմեց այս գործով տուժողներէն Զաւէն Գրիգորեանը։
Լուսաձայնային նռանկէն անոր ոտքը վնասուած էր, տղամարդը մէկ տարի անկողինը անցուցած էր։ Կ’ըսէ՝ դէպքէն 6 տարի անցած է, բայց վնասուածքին հետեւանքները դեռ զգացնել կու տան։ Գրիգորեանը «Ազատութիւն»-էն իմացաւ, որ Երանոսեանը ազատուած է պատիժէն։ Անարդար կ’որակէ դատաւորին որոշումը, կը յայտարարէ, թէ սա եւս մէկ փաստ է, որ դատական համակարգին մէջ վեթինկ չէ իրականացուած. – «Հինգ տարի առաջ ես գիտէի, որ այսպէս է լինելու, չեմ չափազանցնում ձեզ բոլորովին»։
Լուսաձայնային նռնակներով իշխանութիւնը չարաշահելու գործով դատաքննութիւնը մեկնարկած էր ուղիղ 5 տարի առաջ՝ 2019 թուականին։ Թէ ինչու այսքան երկար ձգուեցաւ այս դատը, յայտնի չէ։ Բայց աւելի վաղ դատական բաժանմունքը պնդած էր, որ դատաքննութիւնը հիմնականին մէջ ձգձգուած է դատաւոր Յարութիւն Մանուկեանի պատճառով։
Այս պնդման պատճառով Արդարադատութեան նախարարութիւնը կարգապահական վարոյթ յարուցած էր, այն աւելի ուշ կարճուած է։ Նախարարութենէն, սակայն, չեն պարզաբաներ՝ ինչ հիմքով։
«ՀՀ դատական օրէնսգրքի 147-րդ յօդուածի համաձայն՝ վարոյթ յարուցող մարմինը պարտաւոր է ապահովել կարգապահական վարոյթի գաղտնիութիւնը, հետեւաբար նման տեղեկատուութիւն տրամադրելը հակասում է օրէնքի պահանջներին»,- փոխանցեց արդարադատութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Նորայր Շողիկեանը։
Լեւոն Երանոսեանը կ’անցնի եւս մէկ քրէական գործով, որուն մէջ մեղադրեալ է նաեւ նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը։ Երանոսեանը, Գասպարեանն ու ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ կը մեղադրուին պաշտօնական դիրքի չարաշահման, պաշտօնական կեղծիքի եւ պետական միջոցներէն առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 114 միլիոն դրամի յափշտակութիւն կատարելու համար։

